Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդ. Յարատեւ Բարգաւաճման Նպատակով Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան Ազգային Ռազմավարական Ծրագիրին Գործադրութիւնը Կը Շարունակուի

Մարտ 30, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 28 մարտին, Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ սկիզբ առած Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի պատրաստած ծրագիրին` համալսարաններու հետ կապուած աշխատանքային երկրորդ փուլը կը շարունակուի:

Ծրագիրը, որ կը կոչուի «Յարատեւ բարգաւաճման նպատակով գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազամավարական ծրագիր», կը բաղկանայ երեք փուլերէ:

Ծրագիրին մասնագիտական բնոյթ տալու նպատակով, յանձնախումբը միջազգային փորձագէտի մը հետ գործակցաբար, հարցարան մը յանձնած էր համալսարաններուն, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ կազմակերպած էր համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ այս երկրորդ հանդիպումը:

Հանդիպումին նպատակն էր քննարկել հարցարաններուն պատասխաններն ու պետական ծրագիրին համար ներկայացնել լուծումներ ու բանաձեւեր:

Հանդիպումին բացումը կատարեց Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան:

Ան բացատրեց ծրագիրի մեկնակէտերն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի փուլերը:

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց նաեւ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ բարձր գնահատեց ծրագիրի մասնագիտական բնոյթն ու անոր գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` գնահատելով նաեւ Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբին որդեգրած մասնագիտական գործելաոճը:

Արպիտ հաստատեց, որ ինք կը փափաքի նոյն գործելաոճը գործադրել նաեւ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի այլ յանձնախումբերու աշխատանքին մէջ:

15 համալսարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս միօրեայ ծրագիրը ունեցաւ աշխատանքային երեք նիստեր, որոնցմէ առաջինին նախագահեց Լիբանանեան համալսարանին կողմէ առաջադրուած ներկայացուցիչ փրոֆ. Հայսամ Զարաքեթ, երկրորդ նիստին նախագահն էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանի փոխնախագահ փրոֆ. Տոլլա Սարգիս, իսկ երրորդ նիստին նախագահեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչներէն փրոֆ. Սելիմ Հաշեմ:

Հանդիպումներուն ներկայ էին շուրջ 34 համալսարաններու դասախօսներ, որոնք մեծապէս արժեւորեցին Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբին նախաձեռնութիւնը, որ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը բեմ կը դարձնէ նման հարցերու քննարկման, զիրենք մասնակից դարձնելով առաջադրուած ազգային ծրագիրի մշակումին մէջ` քննարկումներ կատարելու եւ լուծումներու յանգելու աշխատանքին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հաժ Հասան. «Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Պետութեան Կերտման Հիմնական Խարիսխներն Են»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?