Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակի Արժանաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ

Ապրիլ 1, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով ՀՅԴ պատմութեան եւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարաններու միացեալ ջանքերով 30 մարտին տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Արամ Մանուկեանի անմահ գործը արժեւորողները իբրեւ յարգանք ծաղիկներ զետեղեցին քաղաքամայր Երեւանի մէջ գտնուող անոր յուշարձանին վրայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան յայտարարեց, թէ  Արամ Մանուկեան իր տեսակով ու նկարագիրով անկրկնելի է մեր նորագոյն պատմութեան մեջ: «Արամը գործի մարդ էր, հոն, ուր գործի ու պատասխանատուութեան կարիք կար, Արամ Մանուկեանը միշտ ներկայ էր: Ըլլալով դաշնակցական` հեղինակութիւն էր բոլորին համար: Ան գիտէր կուսակցական շահերէն վեր բարձրանալ, մտածել համազգային շահերէ մեկնած: Եւ այս առումով անոր ներդրումը անգնահատելի է մեր նորագոյն պատմութեան կերտման մէջ», շեշտեց Արսէն Համբարձումեան:

Անոր համաձայն, տարբեր սերունդներ Արամ Մանուկեանը ճանչնալու աւելի լաւ կարելիութիւն պէտք է ունենան, թէեւ  ցաւօք,  խորհրդային պատմութեան ժամանակ անոր դերին ու նշանակութեան մասին դասագիրքերու մէջ չէ գրուած, բայց եւ այնպէս ան նոյնիսկ տասնամեակներու խորերէն պիտի յառնի ու իր պատգամը պիտի փոխանցէ:

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած ձեռնարկին պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զօր. Վարդան Աւետիսեան ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ գնահատանք արձանագրուած է պետական եւ ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի հասցէին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց հայութեան պայքարը` ինքնիշխան կեանքի համար եւ նշեց, որ հայոց ազատագրական պայքարը իր բարձրակէտին հասած է Սարդարապատի մէջ:

Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը շարունակուեցաւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի դահլիճին մէջ, ուր հնչեցին յիշատակի խօսքեր, նաեւ հայրենասիրական երգի կատարումներ, որոնց սիրով մասնակցեցան ներկաները:

Խօսքերուն մէջ անգամ մը եւս արժեւորուեցաւ պետական ու ռազմական անկրկնելի անհատին կեանքն ու գործունէութիւնը: Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան Արամ Մանուկեանը նկատեց մեր նորագոյն պատմութեան Փոքր Մհերը, որ ծնաւ իրականութիւն դարձնելու աւելի քան 600 տարի պետականութիւն չունեցող ժողովուրդի երազը` ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` այդպիսով վերածուելով ազգային դէմքի:

Պատմաբան Արմէն Ասրեանի համաձայն, Արամ Մանուկեան այն գործիչն էր, որ կը խօսէր այն մասին եւ կը քարոզէր այն, ինչ որ կրնար ընել, այդ պատճառով ալ անոր խօսքը գործ էր, իսկ ինք ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, ապա նաեւ անկախ պետականութեան վերականգնման: (Ձեռնարկին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք «Հայրենի կեանք» էջով):

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեան. «Նոր Պատերազմ` Նոր Տարածքներ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Համեմատութիւններու Ելակէտի Սկզբունքը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?