Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ ԳՈՀԱՐ համոյթին, երէկ` կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատ» խորագրեալ լարային տպաւորիչ համերգ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, որ նաեւ նուագեց կիթառի վրայ, իսկ անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ ազգային երաժշտանոցի ուսուցիչներէ կազմուած «Արթոն» լարային քառեակը, որ կը բաղկանայ Օնտին Պրիզիանոյէ, Սիլվիօ Կապրիէլ Կերասիմեսկուէ` ջութակ, Լուքազ Նովիքիէ` ջութ եւ Մակտալենա Սոքոլայէ (թաւջութակ): Երկու կտորներու մեկնաբանութեան ընթացքին խումբին ընկերակցեցաւ Նարեկ Քէշիշեան` գաժոնի վրայ:
Համերգէն առաջ խօսք առաւ Հայ աւետարանական քոլեճի պատուակալ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հայ երաժշտութեան արժէքին` զայն նկատելով հայոց հնադարեան ազգային մշակոյթի գանձարանին մէկ բաղադրիչը: Ան աւելցուց, որ երաժշտութիւնը կեանքի անուշ բուրմունքն է, իսկ հայ ու դասական օտար երաժշտութիւնը կարեւոր սեպեց մարդու քաղաքակիրթ զարգացման համար: Ըստ անոր, հայ երաժշտութիւնը բխած է մեր ազգային ակունքներէն, անիկա կը ներկայացնէ մեր իղձերը, ապրումները, զգացումները:
Զաւէն Մսըրլեան ըսաւ, թէ ձեռնարկը նախաձեռնութիւնն է Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակի կազմակերպիչ մարմինին եւ կը կրէ հովանաւորութիւնը ԳՈՀԱՐ համոյթին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց: Ապա ան խօսեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճին մասին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն գոյացած հայ սփիւռքի մէջ հիմնուած առաջին հայ երկրորդական վարժարանն է, որ 1927-էն ի վեր ազգին նուիրած է 1595 շրջանաւարտներ, որոնք պատիւ բերած են ու կը բերեն այդ կրթական հաստատութեան իրենց ընտրած ասպարէզներուն եւ ազգին ու մարդկութեան ծառայութեան մէջ: Անոր համաձայն, քոլեճը միշտ հաւատարիմ մնացած է հիմնադիրներուն նպատակին` բարձրագոյն ուսման կողքին ջամբել հայկական ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Առ այդ, ան կը գնահատէ երաժշտութիւնը ընդհանրապէս, որուն վառ ապացոյցն է այդ համերգը: Ապա Զաւէն Մսըրլեան ներկաներուն ծանօթացուց Մկրտիչ Միքայէլեանն ու անոր տարած երաժշտական բեղուն գործունէութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտներուն, ինչպէս նաեւ ներկաներուն:
Ապա Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրներուն ներկայացուեցաւ ճոխ եւ այլազան յայտագիր մը` բաղկացած միջազգային ու հայկական երաժշտութիւններէ, որոնց մշակումները կատարած էր Մկրտիչ Միքայէլեան: Հնչեցին Անտրէ Հաժի «Ֆլամենքօ»-ն, «Ռոմանս»-ը, Անթոնիօ Վիվալտիի «Լարկօ»-ն, հայկական տարբեր եղանակներու գեղեցիկ համադրում հանդիսացող «Արարատ»-ը, Պարթոլոմ Քալաթույուտի «Զամպրա»-ն, Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Խոսէ տէ Ասփիազուի «Ֆարրուքա»-ն, Ժերարտօ Մաթոս Ռոտրիկեսի «Լա Քումփարսիթա»-ն, կրկին հայկական եղանակներու ընտրանի եղող «Նուռ»-ը, «Էլ Վիթօ»-ն եւ «Մալակենա»-ն: Ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն ընդառաջելով` խումբը նուագեց կտոր մը եւս:
«Արարատ» համերգի յայտագիրը փունջ մըն էր լաւապէս ընտրուած երաժշտութիւններէ, սակայն բոլորին մէջ նորութիւն էին եւ յատուկ ուշադրութիւնը կը գրաւէին «Արարատ»-ն ու «Նուռ»-ը, որոնք հայկական ուրոյն շեշտ, բուրմունք եւ վայելք ունէին եւ հայկական երաժշտութեան գեղեցկութեան արտայայտութիւնը կը հանդիսանային:
