Պաքու. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Կրնայ Սերտուիլ Միայն Հայ Եւ Ազրպէյճանական Համայնքներուն Կողմէ, Երբ Վերջինս Վերադառնայ Իր Տուն»
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանի` Արցախի տագնապի մասին վերջին յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի հայ համայնքի` բանակցութիւններուն մասնակցելու հարցին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը բազմիցս բարձրաձայնուած է: «Մենք կը կրկնենք, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան տագնապի մասնակիցներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, իսկ հայ եւ ազրպէյճանական համայնքները...


















