Երէկ Լիբանան այցելեց Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալպերթօ Քասթիլիոնի:
Ան հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, Քասթիլիոնի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ ստորագրեց Լիբանանի եւ Փարակուէյի միջեւ փոխըմբռնումի յուշագիր` զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ:
Պասիլ. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Լիբանան Կեցութիւնը Արդարացուած Չէ, Եւ Անոնց Վերադարձը Պէտք Է Արագանայ»
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալպերթօ Քասթիլիոնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Փարակուէյ կը հասկնայ Լիբանանի հարցերը` տրուած ըլլալով լիբանանեան համայնքի ներկայութիւնը այնտեղ, քանի որ երկրին նախագահը լիբանանեան արմատներ ունի: Պասիլ աւելցուց, որ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն միջեւ` երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման համար, եւ Մատրիտի միջոցով նոր օդանաւային ընկերութեան բացումը միջոց մըն է զբօսաշրջիկներ եւ արտադրութիւններ փոխադրելու Լիբանանի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ:
Պասիլ յայտնեց, որ համաձայնագիրը թոյլ պիտի տայ, որ Փարակուէյի, Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի հետ յարաբերութիւնները այլ մակարդակի պիտի բարձրանան:
Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց կարեւորութիւնը իրագործելու միջազգային որոշումները եւ ուղիները, որոնք որոշուած են Ժընեւի եւ Ասթանայի մէջ, քանի որ Լիբանան կը տագնապի սուրիացի տեղահանուածներու կեցութենէն եւ երկիրը կարիքը ունի միջազգային հասկացողութեան: Որեւէ պատճառ չկայ տեղահանուածներուն Լիբանան մնալուն, եւ անոնց վերադարձը պէտք է արագանայ: Ըստ Պասիլի, Լիբանան կ՛ուզէ անոնց ապահով վերադարձը, եւ բնական է, որ Լիբանան ատիկա իրագործէ:
Անդրադառնալով Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի քանդումի գործողութիւններուն` Պասիլ դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ տուներ կը քանդէ Ասրյորդանանի մէջ եւ պաղեստինցիները դուրս կը դնէ իրենց տուներէն ու հողերէն, եւ վերադարձի իրաւունքը կը դադրեցնէ միջազգային համաձայնութիւններու ու ծրագիրներու ընդմէջէն:
«Դժբախտաբար ասիկա իսրայէլեան սովորական ոճ է, որ կը խախտէ միջազգային օրէնքները, եւ որոշ պաղեստինցիներ եւ արաբներ, որոնք կը խօսին այս նիւթին մասին, կը խրախուսեն միջազգային հանրութիւնը` աչք խփելու այս կատարուածներէն, միջազգային օրէնքէն եւ միջազգային իրաւունքէն», ընդգծեց Պասիլ:
«Այժմ մեծ ծրագիրներ եւ ապագայի վտանգներ կը պատրաստուին, եւ պէտք է միացնել ջանքերը եւ դիմադրութիւնը», յայտնեց Պասիլ: