Վարչապետ Հարիրի Ժողով Մը Գումարեց Մեթնի Երեսփոխաններուն Հետ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ժողով մը գումարեց Մեթնի երեսփոխաններուն հետ:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Էտկար Մաալուֆ եւ Էտի Ապի Լամաա:
Ժողովասրահ մտնելէ առաջ, ներկայ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց.
«Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակուած է մարտ ամիսէն ի վեր, եւ այսուհետեւ ի վիճակի չէ որեւէ թափօն ընդունելու: Մենք, իբրեւ ընդհանուր լուծումի մէկ բաժին, շալկեցինք մեր պատասխանատուութիւնը, իսկ այժմ կարգը ուրիշներուն է վերցնելու իրենց պատասխանատուութիւնը: Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը կարելի չէ նոյնիսկ բարձրացնել:
Ինչ կը վերաբերի Ժտէյտէի թափօններու տարածքին, շրջանը ունի իր քաղաքապետութիւնը եւ այդ շրջանը ինք կ՛որոշէ իր ընելիքը:
Իսկ ընդարձակման գծով եղող խօսակցութիւնները մեզի չեն վերաբերիր եւ չեն հետաքրքրեր»:
Ժողովի ընթացքին նախարար Ժրայսաթի դիտել տուաւ, որ քննարկուելիք լուծումները չեն վերաբերիր Պուրճ Համուտին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է թիւ 80 օրէնքի հիման վրայ կիրարկել ապակեդրոնացման սկզբունքը թափօններու թաղման առնչութեամբ:
Ժողովէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ աղբահանումի հարցը լիբանանեան ազգային մեծ հարց մըն է, որուն լուծման համար կառավարութիւնը լրջօրէն կ՛աշխատի:
Ժրայսաթի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին բոլորը ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնները, եւ տեղի ունեցած է անկեղծ խորհրդակցութիւն:
«Աղբահանումի թղթածրարին շուրջ լուծման չյանգեցանք, սակայն խորհրդակցութիւնները դրական էին: Վարչապետ Հարիրի յանձնառութիւն յայտնեց աղբահանման թղթածրարին քննարկումը շարունակելու յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին», շեշտեց ան:
Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Քոսթա Պրաւայի Աղբանոցին Վերաբերող Նիստի Մը
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Քոսթա Պրաւայի աղբանոցին վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ էին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Տըրղամ, Ղպէյրիի քաղաքապետ Մաան Խալիլ, Հարեթ Հըրէյքի քաղաքապետ Զիատ Ուաքետ, Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Աթեֆ Մանսուր, Մրայժէի քաղաքապետ Սամիր Ապի Խալիլ եւ Շուէյֆաթի փոխքաղաքապետ Շտիտ Հաննա:
Նիստէն ետք Քումաթի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը քննարկելու Լիբանանի աղբահանման հարցը լուծելու ուղեգիծ մը, որուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ Քոսթա Պրաւայի աղբանոցին հարցը:
Ան նշեց, որ այս հարցին ետին քաղաքական խնդիր գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ նիստը եղած է դրական, իսկ քաղաքապետարաններու համադաշնակցութիւնը գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Քումաթի նշեց, որ աղբահանման հարցին արմատական լուծման ծրագիրը կարիք ունի չորս տարուան` աւելցնելով, որ մինչեւ հարցին վերջնական լուծումը կարիքը ունինք ժամանակաւոր լուծումներու:
Նշենք, որ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին` անկախ երկրին մէջ արձանագրուած քաղաքական զարգացումներէն: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կառավարութեան օրակարգը ճշդելու իրաւասութիւնը կը պատկանի վարչապետ Հարիրիին, հետեւաբար Քապըր Շմունի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու հարցը սեղանի վրայ պիտի չըլլայ: