Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Յորդանանի մէջ մասնակցեցաւ Ժարաշի 34-րդ փառատօնին:
Այս առիթով իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ փառատօները զբօսաշրջիկ չեն ապահովեր` աւելցնելով, որ 2019-ի պետական ամավարկին համաձայն, զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէն 10 միլիառ լ. ոսկիով նուազած է:
Ան նշեց, որ ինք փառատօներու կազմակերպութեան եւ փառատօներ կազմակերպողներուն դէմ չէ, սակայն համոզուած է, որ կարելի չէ փառատօներու միջոցով երկրին զբօսաշրջութեան շուկայադրումը կատարել:
«Հետեւաբար պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ ես փառատօներու նախարար չեմ, այլ` զբօսաշրջութեան նախարար, որուն նախարարութեան պիւտճէին մէջ համեստ բաժին մը յատկացուած է փառատօներու:
Անդրադառնալով Քեսրուանի կարգ մը լողաւազաններուն մաքրութեան չափանիշները չամբողջացնելու պարագային եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած լողաւազաններու անուններ կրող ցուցակին` Ա. Կիտանեան ըսաւ, թէ այդ քննութիւնները հերթական կերպով կը կատարուին, եւ արդիւնքները կը կցուին լողաւազանի մուտքին: Ան նշեց, որ չափանիշներու բաղդատութեան մէջ տարբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ նախարարութեան համար կարեւորը այն է, որ լողաւազանը ժահրերէ զուրկ ըլլայ:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ լողաւազաններուն մասին նման ցուցակ մը սպրդեցնողը դիտմամբ կը միտի հարուածել երկրին զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս էր պարագան վերջերս, երբ անձ մը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կեցուածք մը արտայայտեց եւ ժխտական ազդեցութիւն ձգեց: «Այդ պատճառով ալ ստիպուեցանք յստակացումներ տրամադրել եւ փաստել, որ այդ կեցուածքը սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած է», ըսաւ նախարար Կիտանեան` կոչ ուղղելով տեղեկատուութեան մարզին ուղղուելու օդակայան եւ անձնական արժեւորում կատարելու` ուրիշին կեցուածքները լսելու փոխարէն:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Պէյրութի չորս աստղանի պանդոկներուն մէջ արաբ զբօսաշրջիկներուն կատարած ամրագրումներուն համեմատութիւնը 80 առ հարիւրէն աւելի է, իսկ հինգ աստղանի պանդոկներուն մէջ` 70-75 առ հարիւր: «Այս բոլորին կողքին կան նաեւ եւրոպացի զբօսաշրջիկները, որոնք կը նախընտրեն գիշերել աւելի ժուժկալ վայրեր, բայց եւ այնպէս անոնց համեմատութիւնը արդէն իսկ հասած է 42 առ հարիւրի:
«Տակաւին մեծ յոյսեր կան, որ այս տարի զբօսաշրջութեան մարզի ցուցանիշները գերազանցեն 2010-ի արդիւնքները, որոնց համաձայն, նոյն մարզը կրցած էր երկրին 8 միլիառ տոլարի մուտք ապահովել», շեշտեց Ա. Կիտանեան:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու տեղեկատուութեան մարզին մէջ իրենց հերոսութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին` օժանդակելու Լիբանանի գեղեցիկ պատկերի տարածումին: