Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 յուլիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Մայիլեանի Հետ
Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 24 յուլիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ տեղի ունեցող դիտարկումներու վերաբերեալ շարք մը հարցերու: