Newsletter

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ  Դատարաններուն Շուրջ Ծաւալած  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Դատարաններուն Շուրջ Ծաւալած Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

22 յուլիսին Հայաստանի «Ազատութիւն», «Ազգային օրակարգ», «Երկիր ծիրանի», Հայաստանի դեմոկրատական, ՀՅ Դաշնակցութիւն, «Մէկ Հայաստան», Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ ստեղծուած  դատական իշխանութեան շուրջ ծաւալած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Ստորեւ` յայտարարութեան բովանդակութիւնը: «Պետական իշխանութեան թեւերի միջեւ հաւասարակշռութեան եւ փոխզսպումների համակարգի կայացումն ու անխափան գործունէութիւնը ցանկացած երկրի զարգացման գրաւականներից է: Օրէնսդիր, գործադիր ու դատական համակարգերի անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը...

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Համաձայնագիրը Կը Մտնէ Իրականացման Փուլ»  Կ՛ըսէ Դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Կը Մտնէ Իրականացման Փուլ» Կ՛ըսէ Դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի: «Թոյլ տուէք կրկնել նախագահ Թուսքի` Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնը. մենք այս պահուն գերազանց յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ: Բոլոր գործօնները, որոնք հաշուի կ՛առնուին յարաբերութիւնները գնահատելու համար, թոյլ կու տան ըսել, թէ մենք աշխուժ ու բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք: Հայաստան-Եւրոպական...

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Անհանգստանալու Խնդիր Չի Տեսներ  Սահմանին Տիրող Իրավիճակով

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Անհանգստանալու Խնդիր Չի Տեսներ Սահմանին Տիրող Իրավիճակով

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան սահմանային իրավիճակին մէջ անհանգստանալու խնդիր չի տեսներ: Ան այս մասին լրագրողներու հետ խօսած է երէկ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին: «Որոշ մասերու մէջ վերահսկելի լարուածութիւն առկայ է, բայց անհանգստանալու խնդիր չունինք», նշեց Տօնոյեան: Ըստ նախարարին, լարուածութիւնը կապուած է երկկողմանիօրէն իրականացուող ճարտարապետական աշխատանքներու հետ, որոնք թէեւ երկկողմանի են, սակայն ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ խափանել հայկական կողմի...

Բրիտանացի Բարձրաստիճան  Զինուորական Մը  Կ՛այցելէ Լիբանանի  Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Բրիտանացի Բարձրաստիճան Զինուորական Մը Կ՛այցելէ Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի շրջակայքը ընթացող պատերազմներն ու անոնց հետեւանքները կը ճնշեն երկրին վրայ, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն ստեղծած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը: Նախագահ...

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան  Արաբական Կեդրոնը  Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան Արաբական Կեդրոնը Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Օմանի մէջ պարգեւատրուեցաւ Զբօսաշրջութեան տեղեկատուութեան արաբական կեդրոնին կողմէ: Զբօսաշրջութեան եւ աւանդներու արաբական Ա. համագումարին ընթացքին, Օմանի տեղեկատուութեան նախարարը պարգեւատրեց Ա. Կիտանեանը` գնահատելով անոր դերակատարութիւնը` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման մէջ: Ներկայ էին նաեւ արաբական երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարներ: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւին համեմատութեան առումով զբօսաշրջութեան նախարարութեան արձանագրած թիւերը բացառիկ...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է  Միջազգային Մարզական Պարերու  Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է Միջազգային Մարզական Պարերու Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ ներկայ գտնուած է միջազգային մարզական պարերու մրցում-փառատօնի եզրափակիչին եւ մրցանակներ յանձնած յաղթողներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Նախագահը նման ձեռնարկներու պարբերական իրականացումը կարեւոր նկատած է Արցախի մշակութային կեանքին մէջ:

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց իր խօսքը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքական գործիչ, որ ապրած է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն տեսած դժուարութիւնները: Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքին  ամբողջութիւնը. «Ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեսակի հարցի լուծման բանալին հաղորդակցութիւնն է, իսկ օրինակելի ու կատարեալ աշխարհին մէջ խորհրդարանները, Ազգային ժողովները եւ քոնկրեսները կը կազմեն հաղորդակցութեան այն կերպերը,...

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Տնտեսական Յեղափոխութեան Հայեցակարգային Դրոյթները

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Տնտեսական Յեղափոխութեան Հայեցակարգային Դրոյթները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Իմ քայլը յանուն Շիրակի մարզի» ներդրումային-գործարար համաժողովի ընթացքին ներկայացուցած է կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային դրոյթները, որոնք անուանեց տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգային դրոյթներ: «Կը կարծեմ` Շիրակի գործարար համաժողովը շատ յարմար առիթ է, որ բոլորիս յայտնի իրադարձութիւններէն մէկ տարի ետք ես խօսիմ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային որոշակի մօտեցումներուն վերաբերեալ, եւ ըստ էութեան այս հայեցակարգային դրոյթները պէտք է անուանեմ տնտեսական...

Զարեհ Սինանեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն

Զարեհ Սինանեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն

Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան  շրջագիծին մէջ 21 յուլիսին հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի  յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: «Համախմբման շունչ զգացուեցաւ: Յաջողեցաք առանձին ձեւաչափերով համախմբել տարբեր շրջանակներ», ողջունելով Զարեհ Սինանեանը եւ  անդրադառնալով ընդհանուր յանձնակատարի Ռուսիոյ այցելութեան` ըսած է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսէսեանը: Ողջունելով ներկաները` ընդհանուր յանձնակատարը կարեւոր նկատած է սփիւռքի...

Իջեւանի Մէջ Անկարգութիւններու Գործով 10 Անձերու Նկատմամբ Իբրեւ Խափանման Միջոց Ճշդուած Է Կալանաւորումը

Իջեւանի Մէջ Անկարգութիւններու Գործով 10 Անձերու Նկատմամբ Իբրեւ Խափանման Միջոց Ճշդուած Է Կալանաւորումը

Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու գործի շրջագիծին մէջ 13 անձ ներգրաւուած է իբրեւ մեղադրեալ, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն: Անոնցմէ 10-ին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ճշդուած է կալանաւորումը, մէկ հոգիի նկատմամբ` ստորագրութեամբ չհեռանալը, իսկ երկուքին նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինուած է գրաւով: Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան ընդհանուր վարչութեան մէջ ստացուած եւ վարոյթ ընդունուած է Իջեւան քաղաքին մէջ ոստիկանութեան...

Կիպրոս Աւարտած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Ներպետական Ընթացակարգերը

Կիպրոս Աւարտած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Ներպետական Ընթացակարգերը

Կիպրոս ամբողջութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան: «Կիպրոս ամբողջութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը եւ այդ մասին 19 յուլիսին տեղեկացուցած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին», գրած...

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2019-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 15 յուլիս 2019-ին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն: Բացումէն ետք, ֆորումականները խմբային խաղերու ընթացքին աւելի լաւ ծանօթացան իրարու: Անոնք պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի մէջ: Ծանօթացան Օփերայի շուրջ գտնուող արձաններուն` Թումանեան, Սպենդիարեան, Խաչատուրեան, Սարեան, Կոմիտաս,...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պատանեկան Ճամբարի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պատանեկան Ճամբարի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

19 յուլիսին Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Արցախի երիտասարդական միութիւններու անդամներուն կողմէ կազմակերպուած պատանեկան ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան, ծնողներ, հիւրեր: Պատանիները ձեռնարկին բացումը կատարած...

«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 9 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ

«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 9 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ

Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 9 աշակերտներ շաբաթ, 20 յուլիսին հասան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան եւ ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին: 9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած ճամբարին լիբանանահայ աշակերտները առիթ պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի եւ հայաստանցի պատանիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական եւ մշակութային...

Ակնարկ.  Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ. Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը

Ընթացիկ շաբթուան մէջ կրօնական օրակարգը առանցքային հանգամանք ունեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներուն մէջ: Աղօթքի միջազգային հանդիպում, կրօնական եւ ազատութեան վերաբերող խորհրդաժողով,  զուգահեռ` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն ի պաշտպանութիւն» կարգախօսով կատարուած նախաձեռնութիւն: Կրօնական տարազին տակ տարբեր ուղղութիւններ ներառած այս աշխատանքներուն բերումով Ուաշինկթընը համախմբած է շուրջ հարիւր երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք կրօնական հետապնդումներէ եւ յարձակումներէ վերապրածներու հետ կը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչները Եւ Ազգային Օրակարգ  Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են  Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչները Եւ Ազգային Օրակարգ Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ քաղաքական հանդիպումներու շարքը` քննարկելու  համար երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն առնչուող հարցեր: 19 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Ազգային օրակարգ կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ Արա Յակոբեանի, Աշոտ Ղազարեանի, Նորայր Աղայեանի եւ Արա Գասպարեանի հետ: Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի...

Փաշինեան. «Հայոց Բանակը Պէտք Է  Ըլլայ Շրջանի Ամէնէն Ուսեալ Եւ Մտաւորականը»

Փաշինեան. «Հայոց Բանակը Պէտք Է Ըլլայ Շրջանի Ամէնէն Ուսեալ Եւ Մտաւորականը»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 յուլիսին բանակի սպաներուն ու զինուորական դպրոցի ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ հայկական բանակը պէտք է ըլլայ շրջանի ամէնէն ուսեալ եւ մտաւորական բանակը: «Զինուորին ծառայութեան ժամկէտը որոշ չափով նաեւ ուսումնառութեան ժամանակաշրջան է: Մեր կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը այն է, որ մենք առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործենք զինուորին ուսումնառութեան այս շրջանը, որպէսզի զինուորը ծառայութենէ զօրացրուելու ատեն...

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող  Յանձնաժողովի Պատուիրակութիւնը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնաժողովի Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 19 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը` կառոյցի ղեկավար Գարեգին Բաղրամեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուած են հանրային ծառայութիւններու եւ տնտեսական մրցակցութեան կարգաւորման ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Վիրաբեան, պաշտօնատար այլ անձեր:...

Ռուբէն Վարդազարեան` Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի Նախագահ

Ռուբէն Վարդազարեան` Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահ

Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրուած է Ռուբէն Վարդազարեանը: Խորհուրդի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնած են, որ` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 174-րդ յօդուածի, «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի պահանջներով, 19 յուլիսին կայացած է խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնը: Օրէնքով սահմանուած կարգով, խորհուրդը գաղտնի քուէարկութեամբ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրած է Ռուբէն Վարդազարեանը:  

Page 205 of 256 1 … 204 205 206 … 256