Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբահանման հարցը քննարկող նախարարական յանձնախումբի նիստին:
Ներկայ էին փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք, ինչպէս նաեւ Բարեկարգումի եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր եւ շարք մը խորհրդատուներ եւ փորձագէտներ:
Նիստէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ աղբահանման թղթածրարին գինը ամբողջ Լիբանանը պիտի վճարէ` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին առումով քաղաքական յոխորտանք կարելի չէ արձանագրել:
«Կը մաղթենք, որ աղբահանումի հարցին առումով քաղաքական յոխորտանքներուն վերջ տրուի, որովհետեւ անիկա ազգային հարց մըն է, որուն պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնեն բոլորը», ըսաւ Ժրայսաթի:
Ան աւելցուց, որ աղբահանման թղթածրարին վերաբերող շարք մը լուծումներ կան, սակայն անոնք կախարդական լուծումներ չեն:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի:
Հանդիպումին ընթացքին Սֆէյր շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին` 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացման առիթով, եւ մաղթեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը անյապաղ մշակուի` բարեկարգումներ եւ ծախսերու կրճատումներ ներառելով, ինչպէս նաեւ յարգելով սահմանադրական ժամկէտները:
Սֆէյր հաստատեց, որ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը կայուն է` շեշտելով, որ երկրին կը պակսի տնտեսական աճի արձանագրումը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ եւ Պալամանտ համալսարանի նախագահ Էլիաս Ուարաք:



