Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպում ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի հետ: Այս մասին իր դիմատետրի էջով տեղեկացուցած է նախարարի մամուլի բանբեր Աննա Նաղդալեան:
Հանդիպումի օրակարգին, քննարկուած հարցերուն մասին տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:
Հայաստանի Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Վերահաստատած Են Տագնապները Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Յանձնառութիւնը
Երէկ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր վրացի պաշտօնակից Դաւիթ Զալքալիանիի հետ: Հանդիպումէն ետք Մնացականեան մամուլին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Մենք այս մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ենք բազմաթիւ առիթներ իրարու հետ յարաբերելու եւ քննարկելու մեր օրակարգի բազմաթիւ հարցեր: Այժմ տեղի կ՛ունենայ իմ պաշտօնական այցելութիւնս Վրաստան, որ շատ լաւ առիթ է, որպէսզի կարենանք ամփոփ եւ համապարփակ ձեւով անդրադառնալ մեր երկկողմանի օրակարգին:
«Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Վրաստան միջկառավարական յանձնախումբի նիստը, որ բաւական բովանդակալից էր եւ ծաւալուն: Անդրադարձ կատարուած է բազմաթիւ հարցերու եւ ծրագրուած են բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան աշխատանքները: Իբրեւ կառավարութիւններ` մենք նաեւ կը փորձենք խթանել բոլոր կապերը առեւտուրի ոլորտի, քաղաքական հասարակութեան շրջանակներուն մէջ:
«Շատ էական է համագործակցութեան միջխորհրդարանական հարթակը: Մենք մեր կողմէ կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ, արտաքին ոլորտի պատասխանատուներու, արտաքին ոլորտի նախարարութիւններու մակարդակով աշխուժ պահել այդ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
«Մենք նաեւ փոխանակեցինք մեր մօտեցումները եւ տեսակէտները տարբեր հարցերու շուրջ, որոնք կը վերաբերին շրջանային անվտանգութեան: Ցաւօք, մենք տակաւին շրջանին մէջ ունինք չլուծուած տագնապներ: Մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը տագնապներու լուծման բացառապէս խաղաղ ճամբով, նաեւ այն ըմբռնումը, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ իր բանակցային շրջանակը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենայ խաղաղ կարգաւորում: Վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը` ձեւաւորուած շրջագիծերու եւ ձեւաւորուած բանակցային հարթակներու վրայ աջակցելու խաղաղ լուծման գործընթացներուն»:



