Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց «Վիզիթըր Էքսփիրիընս» Ծառայութեան

Յուլիս 25, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնի «Լէյլա Սոլհ»-ի անուան սրահին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարեց «Վիզիթըր էքսփիրիընս» ծառայութեան:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Ճի. Տապըլեու. Ար.» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Նեպիլ Ռըզքալլա, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Մարուան Հապըր եւ մեծ թիւով լրագրողներ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այս ծառայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կ՛որդեգրուի Միջին Արեւելքի մէջ, իսկ Լիբանան կը դառնայ աշխարհի այն քիչ երկիրներէն, որոնք կ՛օգտագործեն նման ծառայութիւն:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ «Վիզիթըր էքսփիրիընս» ծառայութիւնը կը մղէ, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական մարզը բարելաւուի: «Այցելուին փորձառութեան վերաբերող այդ ծառայութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի զբօսաշրջական մարզի մեր աշխատանքը կատարելագործենք», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ «Վիզիթըր էքսփիրիընս» ծառայութեան մեքենաները պիտի զետեղուին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ազատ շուկային մէջ, ինչպէս նաեւ մեկնումի դարպասներուն մօտ, որպէսզի օտար այցելուները իրենց արժեւորումը կատարեն Լիբանան կատարած իրենց զբօսաշրջութեան մասին` սկսելով Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանումէն, անցնելով պանդոկներէն, ճաշարաններէն, շուկաներէն, դրամատուներէն եւ փոխադրութենէն, հասնելով մինչեւ որեւէ ծառայութիւն, որուն զբօսաշրջիկը կարիքը ունեցած է Լիբանանի մէջ իր կեցութեան ընթացքին:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ «Ճի. Տապըլեու. Ար.» ընկերութիւնը այս ծառայութիւնը ձրիաբար առաջարկած է զբօսաշրջութեան նախարարութեան, որպէսզի ան կարենայ իր ռազմավարութիւնը մշակել` հիմնուելով գիտական եւ յստակ տուեալներու վրայ:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսին` աւելցնելով, որ այդ ծառայութեան պիտի սկսին այս շաբաթավերջին:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ տեղեկատուական մարզը իր դերակատարութիւնը պէտք է ունենայ այդ ծառայութեան տեղեկութիւնները ունենալու իմաստով` հաստատելով, որ ինք անձամբ անհամբեր է իմանալու այս ծառայութեան արդիւնքներուն մասին, մանաւանդ նկատի ունենալով արժեւորման կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վարչապետ Հարիրիին Ներկայացուց Ընտանիքներու Ապրուստի Պայմաններուն Եւ Տնտեսական Վիճակին Մասին Կատարուած Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

Յաջորդը

Պըրրի Եւ Հարիրի Ստորագրեցին 2019-ի Պետական Ամավարկը Եւ Զայն Փոխանցեցին Հանրապետութեան Նախագահին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?