Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վարչապետ Հարիրիին Ներկայացուց Ընտանիքներու Ապրուստի Պայմաններուն Եւ Տնտեսական Վիճակին Մասին Կատարուած Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

July 25, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր վարչապետարանին մէջ ընդունեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանը, որմէ իմացաւ վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին:

Դոկտ. Կիտանեանին ընկերակցեցաւ վարչութենէն խմբակ մը, որուն մաս կազմեցին Մարլեն Պախոս, դոկտ. Լարա Պատըր եւ դոկտ. Զիատ Ապտալլա` ներկայութեամբ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէի եւ վարչապետի խորհրդատուներէն Հազար Քարաքալլայի:

Հանդիպումին ընթացքին դոկտ. Կիտանեան վարչապետին ներկայացուց ընտանիքներու ապրուստի պայմաններու եւ տնտեսական վիճակի ընդհանուր հաշուարկին մանրամասնութիւնները:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կատարելիք յաջորդ փուլի աշխատանքին, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ վարչութեան արդիականացումը, անհատներուն եւ ընտանիքներուն տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հետեւողական բարգաւաճման վերաբերող հսկայական տեղեկութիւնները: Ան հաստատեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան դերակատարութիւնը կը կայանայ վիճակագրական այդ յատկանիշներուն հաշուարկը կատարելու եւ ազգային կարիքներու համաձայն զանոնք հրատարակելուն մէջ:

Դոկտ. Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի հաստատութիւնները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ գործակցելու առումով` ամրապնդելու համար անոր դերակատարութիւնը եւ յանգելու վիճակագրական շարք մը արդիւնքներու, որոնք կարեւոր են միջազգային կազմակերպութիւններուն, կառավարութեան եւ սեփական մարզին համար` որոշում տալու եւ քաղաքականութիւն մշակելու հոլովոյթին մէջ:

Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններու եւ տնտեսական վիճակի ընդհանուր հաշուարկը ընդարձակ կերպով կատարուած է` աւելցնելով, որ այդ հաշուարկին արդիւնքները պիտի հրապարակուին այս տարուան աւարտին:

«Առաջին անգամ ըլլալով կարելի պիտի դառնայ Լիբանանի մէջ ապահովել կարգ մը ցուցանիշներ` գաւառներուն մէջ աշխատաւոր մարդուժին եւ ընտանիքներուն ապրուստի պայմաններուն մասին, ինչպէս նաեւ առաջին անգամն է, որ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել տեղեկագիրներ, որոնք պիտի օժանդակեն կառավարութիւններուն` ընկերային, տնտեսական եւ բարգաւաճման շինիչ եւ առողջ ծրագիրներ մշակելու», ըսաւ ան:

Դոկտ. Կիտանեան վարչապետին ներկայացուց նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայ իրավիճակը` վարչական, գումակային եւ պաշտօնէութեան մակարդակներով:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի դրուատեց պաշտօնեաներուն տարած արհեստավարժ աշխատանքը, բարձր գնահատելով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքները` հակառակ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Հարիրի ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց` ամրապնդելու Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան դերակատարութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը կ՛անդրադառնայ վիճակագրական տեղեկագիրներուն կարեւորութեան, զանոնք նկատի կ՛ունենայ եւ կը խնդրէ, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը շարունակէ այդ տեղեկագիրները հրատարակել:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ պետական բոլոր հաստատութիւններուն գործակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել ազգային վիճակագրութեան համակարգը:

Հարիրի իր խօսքը եզրափակեց բացարձակ զօրակցութիւն յայտնելով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ քաջալերելով անոր տարած աշխատանքն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ անոր գործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց «Վիզիթըր Էքսփիրիընս» Ծառայութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.