Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ նախարարութեան ղեկավար կազմը այցելած են շփման գիծ` զօրամասերուն մէջ ստուգումներ կատարելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:
Մարտական հերթապահութիւն կատարող անձնակազմի հետ հանդիպումի ընթացքին Հասանովին զեկուցած են գետնի վրայ տիրող իրավիճակին մասին:
Այնուհետեւ Հասանով ստուգած է ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստուածութիւնը եւ հետեւած հայկական դիրքերուն: