Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննա Նաղդալեան Պատասխանած Է, Թէ Ո՛րն Է Հայաստանի Համար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Կարմիր Գիծը

July 24, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առումով Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբունքային մօտեցումներն ու դիրքորոշումը ամրագրուած են կառավարութեան փաստաթուղթին մէջ, ուր առկայ յստակ տարրերէն կը բխին բոլոր յայտարարութիւնները: Երէկ «Օրբելի» կեդրոնին մէջ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն. վերջին միտումներ» նիւթով կազմակերպուած քննարկումի մը ընթացքին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

«Այն է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ, մասնաւորապէս` ժողովուրդներու ինքնորոշման: Մենք ներկայացուցած ենք, որ մեզի համար առաջնահերթութիւնը Արցախի անվտանգութիւնն ու կարգավիճակն է: Արցախը` իբրեւ տագնապի հիմնական կողմ, պէտք է լիարժէք ներգրաւուածութիւն ունենայ տեւական ու իրական խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ: Այսինքն` մեր դիրքորոշումը ունի երեք հիմնական ուղղութիւն. առաջին` բովանդակութիւն, երկրորդ` միջավայրը, որուն մէջ  տեղի կ՛ունենայ ամբողջ հոլովոյթը, երրորդ` Արցախի լիարժէք ներգրաւուածութիւն: Արցախի ներգրաւուածութեան բաժինով կրնամ ըսել, թէ ատիկա մեզի համար գործնական որոշում է, քանի որ Արցախը  այս հոլովոյթին հիմնական նիւթն է, ուստի պէտք է ունենայ ամրագրուած եւ ամուր սեփականութեան զգացում այս հոլովոյթին նկատմամբ: Եթէ  իրապէս կ՛ուզենք արդիւնաւէտութիւն ապահովել այս հոլովոյթին մէջ, Արցախը պէտք է ներգրաւուածութիւն ունենայ», շեշտեց Նաղդալեանը` բացատրելով, որ խօսքը Արցախի ֆիզիքական անվտանգութեան մասին է, եւ կրկնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ գերակայութիւնը Արցախի անվտանգութիւնն է եւ անկէ բխող կարգավիճակը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը յիշեցուց, որ Հայաստանը միշտ ըսած է, թէ խաղաղութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար, սակայն քիչ մը թիւր են պատկերացումները, որ այդ խաղաղութեան համար Հայաստանը պատրաստ ըլլայ միակողմանի զիջման կամ այնպիսի քայլերու, որոնք կը վտանգեն Արցախի ֆիզիքական անվտանգութիւնը կամ ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ որեւէ լուծում ընդունելի ըլլալ միաժամանակ  3 ժողովուրդներուն համար, եւ  ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութեան  համար կարմիր գիծը, Նաղդալեան յայտնեց. «Ատիկա Արցախի ֆիզիքական անվտանգութիւնն է ու անկէ բխող կարգավիճակը, մնացածը դիւանագիտութեան հարց է: Արցախի կարգավիճակը Արցախի ժողովուրդը պէտք է որոշէ»:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Աղբահանման Հարցը Քննարկող Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Ռայտի Կողմէ Ստեփանակերտի Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւններ Հաստատելու Մասին Բանաձեւի Միաձայն Ընդունումը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.