Newsletter

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Շաբաթ, 22 մայիսին, «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ շեշտեց, որ սկզբունքօրէն կը բացառէ որեւէ համագործակցութիւն դաւաճանական ուժերուն հետ, իսկ որեւէ քաղաքական ուժի նման համագործակցութիւն պիտի նկատուի իբրեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իրականացուած յանցագործութեան մեղսակցութիւն:  Յայտարարութեան ամբողջութիւնը` ստորեւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Գործող վարչակազմը, որ 2018-ին իշխանութեան է եկել սիրոյ եւ համերաշխութեան քարոզով, արդարութեան...

Իրանի Դեսպանատունը Հերքած Է Իրանի Մէջ  160 Հայ Զինուորներ Գտնուելու Եւ Զանոնք Վերադարձնելու  Նախապայմաններու Մասին Տեղեկութիւնը

Իրանի Դեսպանատունը Հերքած Է Իրանի Մէջ 160 Հայ Զինուորներ Գտնուելու Եւ Զանոնք Վերադարձնելու Նախապայմաններու Մասին Տեղեկութիւնը

Իրանեան «ՓարսԹուտէյ» կայքը հրապարակած է Երեւանի Մէջ Իրանի դեսպանատան յայտարարութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող 160 հայ զինուորներու Իրանի տարածքին մէջ գտնուելու վերաբերեալ կեղծ լուրերուն մասին: Տեղեկութիւնը նաեւ տարածած է Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Մէջբերուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հերքէ եւ կեղծ ու անհիմն կը նկատէ որոշ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող լուրերը,...

Հանրապետութեան Նախագահին  Յղած Նամակին Լոյսին Տակ.  Խորհրդարանը Կը Յանձնարարէ Նշանակեալ  Վարչապետին Սահմանադրական Կարգին Հիման Վրայ  Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Հանրապետութեան Նախագահին Յղած Նամակին Լոյսին Տակ. Խորհրդարանը Կը Յանձնարարէ Նշանակեալ Վարչապետին Սահմանադրական Կարգին Հիման Վրայ Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած նամակին քննարկումը: Նշենք, որ խորհրդարանի կարգին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդացուած էր օր մը առաջ, որմէ 24 ժամ ետք սկսած էր նամակին բովանդակութեան մասին խորհրդարանին քննարկումը: Նիստին սկիզբը խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց միասնականութեան` շեշտելով, որ...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Սայտայի Նաւահանգիստէն Մեծ Քանակութեամբ Հաշիշ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը Ձախողեցնելու Քայլը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին դրուատեց Սայտայի նաւահանգիստէն դէպի Աղեքսանդրիա մեծ քանակութեամբ (շուրջ 4 թոն) հաշիշ մաքսանենգելու գործողութիւնը ձախողեցնելու քայլը: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանեան մաքսատան պատասխանատուները` անոնց իրագործած նուաճումին համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց մաքսատան, թմրեցուցիչի դէմ պայքարի գրասենեակին, դատական ոստիկանութեան եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան միջեւ գործակցութիւնը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նման գործողութիւններ կը փաստեն, թէ Լիբանան իր ապահովական...

Իսլամ Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը  Դատապարտեց Սէուտական  Արաբիոյ Դէմ Ցեխարձակումները

Իսլամ Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Ցեխարձակումները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին նախագահեց Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան վարչական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր: Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց սիոնական բռնագրաւումին կողմէ Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթող քաղաքացիներուն դէմ գործուած խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ Շէյխ Ժարրահի բնակչութեան վրայ յարձակումներն ու իսրայէլեան ուժերուն կողմէ զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու քայլերը: Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը դատապարտեց պաղեստինցիներուն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինը` Ռուսիոյ Մէջ

Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով: Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած էին պսակաժահրի համավարակի բռնկումով: Այս պարագան սակայն արգելք չեղաւ, որ այս խումբը նախաձեռնէ մշակութային գործունէութեան` պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպելով: Շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հիմնադիր ժողովը`...

Այվազեան. «Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ  Խախտել Միջազգային Մարդասիրական  Իրաւունքն Ու Մարդու Իրաւունքները»

Այվազեան. «Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքն Ու Մարդու Իրաւունքները»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան Եւրոպական խորհրդարանի Նախարարներու կոմիտէի 131-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի քայլերուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի անհրաժեշտութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Այվազեան իր ելոյթին ընթացքին ըսած է. «Անցեալ տարի Ազրպէյճանը  արիւնալի պատերազմ սանձազերծեց Արցախի ժողովուրդին դէմ: Պատերազմը ուղեկցուած է մարդու իրաւունքներու եւ...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւ Քանատայի  Յունական Ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները  Կը Դատապարտեն  Ազրպէյճանական Բռնարարքները

Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւ Քանատայի Յունական Ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Բռնարարքները

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, Քանատական յունական քոնկրեսը (Քենետիըն Հելլենիք Քանկրըս) եւ Քանատայի Կիպրական դաշնակցութիւնը (Չիփրիըթ Ֆետերէյշըն աֆ Քանատա) 20 մայիսին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երեք կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն ազրպէյճանական ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք եւ կոչ կ՛ուղղեն Քանատայի կառավարութեան դատապարտելու այդ արարքը` կատարուածը սահմանելով իբրեւ սադրանք, որ կը...

Արդէն Ձեր Հերթը Պիտի Գայ` Ուրիշներու  Կորուստներուն Գնով Թուրքին Հետ  Լեզու Գտնելու Յոյսով Ապրողներ

Արդէն Ձեր Հերթը Պիտի Գայ` Ուրիշներու Կորուստներուն Գնով Թուրքին Հետ Լեզու Գտնելու Յոյսով Ապրողներ

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան կատարեց հետեւեալ գրառումը. Տարածուած մօտեցում է. «Ինչ եղաւ` եղաւ, ինչ տուեցինք` տուեցինք, ով զոհուեց` զոհուեց: Ցաւալի է, ի հարկէ, բայց դէ` աւելի լաւ է չբողոքենք, չընդվզենք...»: Այսպէս մտածողները, երեւի, կարծում են, որ եթէ թուրքերն առաջ գան (իսկ թուրքերն առաջ են գալիս), ապա կորցնելու ենք դարձեալ այն, ինչ արդէն կորցրել ենք, ասենք` էլի նոյն Շուշին...

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական  Պատկերացման Յստակացման`  Ճիգեր` Լարուած Մթնոլորտի Մեղմացման Գծով

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական Պատկերացման Յստակացման` Ճիգեր` Լարուած Մթնոլորտի Մեղմացման Գծով

Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը թուի, թէ հետզհետէ կ՛ընթանայ դէպի առաւել վատթարացում: Արդարեւ, քաղաքական տարակարծութեանց ու տնտեսական անկայունութեան կողքին, Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան առիթով պարզուած վերջին 48 ժամերու ապահովական «քաշքշուքը» ինքնակոչ «ազդարարութիւն» նկատուեցաւ` ուղղուած երկրի վարիչներուն, անյապաղ միջամտելու, նախքան ուշ ըլլալը: Փաստօրէն, մէկ մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառած, անցեալի ապահովական անբաղձալի ուրուականը յիշեցնող այդ դէպքերը իրենց հաւանական հետեւանքներուն մտավախութիւններով եկան «շրջելու» Լիբանանի...

Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերու  Նախապատրաստական Քայլերու Ծիրին Մէջ.   Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ  Փիեռ Ժալըխի Եւ Հաշեմ Հայտարի Հետ

Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերու Նախապատրաստական Քայլերու Ծիրին Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Փիեռ Ժալըխի Եւ Հաշեմ Հայտարի Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճափոնի մէջ Լիբանանի դեսպան Նիտալ Եհիայի եւ Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ տոքթ. Փիեռ Ժալըխի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին Լիբանանի մասնակցութիւնը Թոքիոյի մէջ նախատեսուող ողիմպիական մարզախաղերուն: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան նաեւ առնչակից վարչական ու առողջապահական քայլերուն մանրամասնութեանց վրայ: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նմանապէս տեսակցեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ...

Յակոբ Խաչերեան. «Աշխատանք Պիտի Տանինք  Սուրիոյ Պասքեթպոլը Վերադարձնել  Իր Անցեալի Փառքի Օրերուն»

Յակոբ Խաչերեան. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Սուրիոյ Պասքեթպոլը Վերադարձնել Իր Անցեալի Փառքի Օրերուն»

Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին, անդամներուն եւ այլ պատասխանատու անձերու  հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, անդրադառնալով այս մարզը յուզող հարցերուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Գործակցաբար` Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ եւ ամէն ձեւով աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ պասքեթպոլը վերադարձնելու իր անցեալի փառքի օրերուն եւ արաբական գետնի վրայ անոր ներկայութիւնը...

Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ  Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ

Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին, Հայաստանի կառավարութեան նիստին երկրի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած` Ազրպէյճանի հետ ստորագրուելիք փաստաթուղթի մը, որուն հիմամբ կարգ մը նախապայմաններով Հայաստանը Տաւուշի 6 շրջաններ պիտի յանձնէ Ազրպէյճանին: Նիստի ընթացքին Փաշինեան ըսաւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները ճիշդ են` հաստատելով, որ կայ համաձայնագիր մը, որ ինք պիտի ստորագրէ, որովհետեւ անիկա (ըստ Փաշինեանի) ամբողջովին կը...

Հայաստանի Ոստիկանները Ուժ Կիրարկելով  Բերման Ենթարկեցին Բողոքող  Քաղաքացիներ

Հայաստանի Ոստիկանները Ուժ Կիրարկելով Բերման Ենթարկեցին Բողոքող Քաղաքացիներ

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ Ազգային ժողովի շէնքի շրջակայքէն բերման ենթարկած են բողոքի ցոյցի մասնակցող 9 քաղաքացի: Աւելի կանուխ կառավարութեան շէնքին դիմաց քաղաքացիներ համախմբուած էին եւ Նիկոլ Փաշինեանէն կը պահանջէին հրապարակել այն փաստաթուղթը, որ կը պատրաստուի ստորագրել: Քաղաքացիները երթով ուղղուեցան Ազգային ժողովի շէնքին մօտ, ուր փորձեցին փողոց փակել: Ոստիկանները բիրտ ուժ կիրարկեցին եւ բերման ենթարկեցին ցոյցի կարգ մը մասնակիցներ:...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բոլոր Ուժերը Պէտք Է  Յայտարարեն, Որ Փաշինեանի Ստորագրած  Փաստաթուղթը Երբեք Պիտի Չընդունին»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Յայտարարեն, Որ Փաշինեանի Ստորագրած Փաստաթուղթը Երբեք Պիտի Չընդունին»

«Վարչապետի աթոռը ժամանակաւորապէս զբաղեցնող անձը չի կրնար սպասարկել Հայաստանի շահերը, հետեւաբար անոր կողմէ ստորագրուող փաստաթուղթն ալ չի կրնար մեր շահերէն բխիլ», նշած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի այն պնդումին, թէ ստորագրուելիք նոր փաստաթուղթը 100 առ հարիւրով մեր շահերուն կը համապատասխանէ: Իշխան Սաղաթէլեանի համոզումով` Փաշինեանը չունի օրինականութիւն եւ իրաւասութիւն որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու, իսկ եթէ ատիկա...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն, Հայաստանի սահմանային խնդիրներուն եւ շրջանառուող համաձայնագիրի հարցին: Յայտարարութեան ամբողջութիւնը` ստորեւ. «Հայրենակիցնե՛ր, Սեփական իշխանութիւնն ամէն գնով պահպանել փորձող Նիկոլ Փաշինեանը երկրում ստեղծել է քաոս եւ պատրաստ է պետութեան ու հայրենիքի հաշուին կատարել ցանկացած ազգադաւ գործողութիւն: Փաստացի, թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը շարունակւում է: Վիճակը հետագայում...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Հայ Ռազմագերիները, Եւ Կը Քննադատէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Խախտումը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի հրատապ բանաձեւը, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջուի անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները, որոնք ապօրինի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ: Միջկուսակցական միասնական բանաձեւը, որ ստորագրած են Եւրոպական խորհրդարանի հինգ մեծագոյն քաղաքական խումբերը ներկայացնող երեսփոխաններ, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած է 20 մայիսին: Բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ լիագումար նիստէն ետք, երբ...

Պարսելոնայի Քաղաքային Խորհուրդը  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պարսելոնայի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պարսելոնայի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Դեսպանատան դիմատետրեան էջին վրայ հրապարակուած է նաեւ Պարսելոնայի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ փաստաթուղթը: Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով Սպանիոյ Քոնկրեսի երեսփոխաններ Մարթա Ռոսիք եւ Միրիամ Նոկարես իրենց ուղերձներուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած էին, որ Սպանիան տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք...

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն  Խանդավառութեամբ Մասնակցող Սուրիացի  Քաղաքացիները Խոշտանգումի Ենթարկուեցան

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն Խանդավառութեամբ Մասնակցող Սուրիացի Քաղաքացիները Խոշտանգումի Ենթարկուեցան

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք խանդավառութեամբ կ՛ուղղուէին դէպի սուրիական դեսպանատուն` կատարելու համար քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, ենթարկուեցան խոշտանգումի: Փոխադրատարներով դէպի դեսպանատուն առաջնորդուող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք կը կրէին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարներն ու Սուրիոյ դրօշները, յարձակումի ենթարկուեցան լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ, որոնք շատ հաւանաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ էին: Հիմնական միջադէպերը պատահեցան Եսուհ Մալաքի մայրուղիին եւ Սեսին հրապարակին...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դատապարտեց  Սէուտական Արաբիոյ Հասցէին  Կատարուած Արտայայտութիւնները

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Հասցէին Կատարուած Արտայայտութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ եւ դատապարտեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Սէուտական Արաբիոյ հասցէին ունեցած արտայայտութիւնները: Յ. Բագրատունի շեշտեց Լիբանան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` դրուատելով նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին հանդէպ այդ երկրին ունեցած օգտակարութիւնը: Դեսպանատունը յատուկ գրութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիին եւ հաստատեց...

Page 20 of 256 1 … 19 20 21 … 256