ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի հրատապ բանաձեւը, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջուի անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները, որոնք ապօրինի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ: Միջկուսակցական միասնական բանաձեւը, որ ստորագրած են Եւրոպական խորհրդարանի հինգ մեծագոյն քաղաքական խումբերը ներկայացնող երեսփոխաններ, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած է 20 մայիսին: Բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ լիագումար նիստէն ետք, երբ բազում խորհրդարանականներ վճռականօրէն դատապարտեցին հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ ազրպէյճանական բարբարոսական պահուածքը եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեցին աշխուժօրէն մասնակցելու անոնց ազատման գործընթացին:
Բանաձեւով, Եւրոպական խորհրդարանը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ բազմաթիւ հայ գերիներու պահման ստորացուցիչ պայմաններուն, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքին եւ խոշտանգումներուն վերաբերեալ: Աւելի՛ն, Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին խստօրէն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, ըստ որուն` ռազմագերիներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքը ռազմական յանցագործութիւն է:
Խորհրդարանը կը բարձրացնէ այն հարցը, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի համագործակցիլ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու հետ, օրինակ` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը: Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանին կը յորդորէ դադրեցնել հայ ռազմագերիներու մօտ այդ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, իրաւաբաններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ բժիշկներու մուտքի արգելքը: Բացի ատկէ, բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան լիարժէքօրէն համագործակցելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին հետ` տրամադրելով գերութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերուն ամբողջական ցուցակը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ անոնց պահման պայմաններուն ու առողջական վիճակին վերաբերեալ: Իբրեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ, Ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոցներու կիրարկումը, ինչ որ չի կատարեր:
Հայ ռազմագերիներու հարցէն բացի, բանաձեւը կը քննադատէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու վերջին ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք` ատիկա դիտելով իբրեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային իրաւունքի խախտում:
Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ ցաւ կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ատելութեան խօսքը եւ հայատեացութիւնը բարձրացած են պետական քաղաքականութեան մակարդակի: Մասնաւորապէս անդրադարձ կը կատարուի Պաքուի մէջ այսպէս կոչուած «Ռազմական աւարի պուրակի» բացումին` կոչ ուղղելով անյապաղ փակել ատիկա:
Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ անոնց լիազօրութեան ԵԱՀԿ-ի 2009-ի հիմնարար սկզբունքներուն, այդ կարգին ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ գտնել տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծում: Ամփոփելով, բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու, տեղւոյն հայ բնակչութեան եւ վերջինիս մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը ապահովելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը:
Մեկնաբանելով բանաձեւը` ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատել կու տայ. «Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւով Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական ծառայութիւնը իրենց ձեռքին մէջ ունին լրացուցիչ ուժեղ գործիք աւելի յստակ գործելու եւ իրենց բոլոր քաղաքական ու դիւանագիտական լծակները օգտագործելու բոլոր հայ գերիները վերադարձնելու համար: Բացարձակ խայտառակութիւն է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն այս մարդկային հարցը իբրեւ սակարկութեան առարկայ` աշխարհաքաղաքական կամ տարածքային շահերու համար: Հայ ռազմագերիներու` մարդկայնօրէն վերաբերուելու եւ անոնց կալանքէն ազատ արձակուելու իրաւունքները երաշխաւորուած են նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած միջազգային համաձայնագիրներով: Պատերազմի աւարտէն ի վեր Ազրպէյճանը կը խախտէ զանոնք»:
«Կարեւոր է նաեւ, որ բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը յստակօրէն կը քննադատէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան շարունակական ոտնահարումը: Ազրպէյճանի ներխուժումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ», կ՛եզրափակէ Կարապետեան:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ