Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճափոնի մէջ Լիբանանի դեսպան Նիտալ Եհիայի եւ Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ տոքթ. Փիեռ Ժալըխի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին Լիբանանի մասնակցութիւնը Թոքիոյի մէջ նախատեսուող ողիմպիական մարզախաղերուն: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան նաեւ առնչակից վարչական ու առողջապահական քայլերուն մանրամասնութեանց վրայ:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նմանապէս տեսակցեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին նշեալ մարզախաղի եւ յարակից կառոյցներուն առնչուող հարցեր: