Newsletter

Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական  Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ.  Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

25 մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ազրպէյճանի զինուած ուժերու խումբ մը զինուորներ, իրենց հրամանատարներուն կազմակերպութեամբ, ապօրինի կերպով հատեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Վերին Շորժա բնակավայրի սահմանային հատուածի Հայաստանի պետական սահմանը եւ, ունենալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու դիտաւորութիւն` բռնութեան կոչեր ուղղեցին նշեալ շրջանին մէջ պահպանութիւն իրականացնող Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ` պահանջելով դիմադրութիւն...

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Պայտընի Վարչակազմէն  Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Զինուորական  Օգնութենէն Եւ Դադրեցնել «907-րդ Բանաձեւ»-ի  Կատարումէն Հրաժարելու Հոլովոյթը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Պայտընի Վարչակազմէն Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Զինուորական Օգնութենէն Եւ Դադրեցնել «907-րդ Բանաձեւ»-ի Կատարումէն Հրաժարելու Հոլովոյթը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տասնեակ անդամներ միացած են Տէյվիտ Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներուն` Պայտընի վարչակազմին կոչ ուղղելով` դադրեցնելու Ազրպէյճանին տրուող ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն եւ այդ երկրի զինուորական կարողականութիւններու բարձրացման: 24 մայիս թուակիր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակը ստորագրած քոնկրեսականները...

Կառավարութեան Կազմութեան Յունիսի  Կէսերու Ժամկէտին Ընդառաջ Լուծման Ճիգերը Վերստին Թափ Կ՛առնեն

Կառավարութեան Կազմութեան Յունիսի Կէսերու Ժամկէտին Ընդառաջ Լուծման Ճիգերը Վերստին Թափ Կ՛առնեն

Վերջին օրերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական զգալի եռուզեռ արձանագրուեցաւ լիբանանեան ճակատին վրայ, ուր առանցքային թիրախ էր կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Այս պահանջը առաւել շեշտակի դարձաւ յատկապէս կարգ մը աղբիւրներու վերագրուած քանի մը շաբաթներու ժամկէտի ներկայացումէն ետք` կառավարութեան կազմութեան գծով: Փաստօրէն, վերջերս պատահած ապահովական «անցողակի», բայց իրենց քաղաքական ծանր հետեւանքներուն պատգամով վտանգաւոր դէպքերը ազդանշան նկատուեցան փութալու վճռել տիրող սպասողական վիճակի երեւոյթը: Այլապէս,...

Նասրալլա. «Լիբանանը Կազա Չէ Իսկ  Կառավարութեան Կազմութիւնը Ունի Երկու Լուծում»

Նասրալլա. «Լիբանանը Կազա Չէ Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ունի Երկու Լուծում»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան գծով իր զօրակցութիւնը միաժամանակ նախագահ զօրավար Միշել Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին: «Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան» տօնին առիթով արտասանած իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ Նասրալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկին պատճառը տեղական է եւ ոչ այնքան` արտաքին ազդակներու հետեւանք: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին այցելելու Պաապտայի...

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս  Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Երեքշաբթի, 25 մայիսին վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Կենսագրական գիծեր. Ծնած է Հալէպ 15 նոյեմբեր 1934-ին, վեցերորդը` 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էր Հալէպ, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին: Իր նախնական ուսումը ստացած է Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու Նոթրը Տամ դպրոցին մէջ: Կը մտնէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Ցեղասպանութեան Ճանաչումն  Ու Արցախի Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Արցախի Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիստին Արզումանեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, երեքշաբթի, 25 մայիսին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Պատուիրակութիւնը, կատարելէ ետք պատմական ակնարկ մը` տեղահանուած հայութեան ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն եւ ապա Թուրքիոյ ազդեցութեան պատճառով ամերիկեան յաջորդական վարչակարգերու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն...

«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան

«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան

«Ազդակ»-ի 30-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 մայիսին, դասախօսեց ԹՈՒՄՕ ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Բեկոր Փափազեան: Նիւթ` «Հայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է քայլ պահել արհեստագիտական նոր եզրաբանութեան եւ ընկերային ցանցերուն հետ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Բեկոր Փափազեան նախ հաստատեց, որ 80-ական թուականներուն երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր ստեղծելու տեղեկագիտութեան առնչուած հայերէն նոր բառեր: Ըստ անոր, Հայաստանի...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ  Երկիրներու Դեսպաններուն  Զեկուցուեցաւ Սահմանային Վիճակը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Զեկուցուեցաւ Սահմանային Վիճակը

Երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպաններ Սերկէյ Քոփիրքինը (Ռուսիա), Ճոնաթան Լաքոթը (Ֆրանսա) եւ Լին Թրէյսին (Միացեալ Նահանգներ): Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ընդարձակ պարունակի մէջ, եւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն: Հանդիպումին առանցքը հանդիսացաւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման պատճառով Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն...

Իրանեան Քաղաքական Եռուզեռ`  Հայաստանի Մէջ

Իրանեան Քաղաքական Եռուզեռ` Հայաստանի Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի հետ: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Արա Այվազեան անդրադարձաւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն եւ Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրադրութեան: Նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցած ազրպէյճանական...

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը  Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Հայ  Գերիներու Անմիջական Վերադարձը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Հայ Գերիներու Անմիջական Վերադարձը

«Ազատ օր» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, յոյն երեսփոխան Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս Ազրպէյճանէն պահանջեց հայ ռազմագերիներու անմիջական վերադարձը` միջազգային կանոններուն հիման վրայ: Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը կը նշէ «2020-ի ընթացքին Ազրպէյճանի պատասխանատուութեամբ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկխօսութեան ընթացքը: Պատերազմի հրահրումը պատճառ դարձաւ համատարած բռնութեան ծաւալումին, որուն զոհ գացին բազմաթիւ...

«Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները  Ղարաբաղով Չեն Սահմանափակուիր»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Ղարաբաղով Չեն Սահմանափակուիր» Կ՛ըսէ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութիւնները յաջողութեամբ կը գործադրուին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Արկումենթի ի ֆաքթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: Նախարարը ընդգծած է, որ ռուսական աջակցութիւնը բարձր գնահատական կը ստանայ Հայաստանի կողմէ: «Այսօր կարելի է ըսել, որ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք արձանագրուած են...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան  Կազմութիւնը Խոչընդոտող  Անձնական Արգելքները Վերացնելու

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող Անձնական Արգելքները Վերացնելու

Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, որ եթէ տագնապները շարունակուին` առանց զանոնք լուծելու անմիջական նախաձեռնութեան, ապա անոնք Լիբանանին վերջ մը պիտի դնեն: «Բոլորը պարտին, աւելի ճիշդ` բոլորին ազգային պատասխանատուութիւնն ու գիտակցութիւնը պէտք է պարտաւորեցնէ զիրենք զգալու այս ճակատագրական փուլին վտանգը, որ կը սպառնայ լիբանանցիներուն գոյութեան», ըսաւ ան: Ան կոչ ուղղեց...

Աքըր. «Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը  Լիբանանցիներուն  Համախոհութեան Անկեղծ Թարգմանն Է»

Աքըր. «Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Լիբանանցիներուն Համախոհութեան Անկեղծ Թարգմանն Է»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան մէջ գործող դեսպաններուն եւ անձնակազմին հետ` արտաքին գործոց նախարարի գործակատարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետի պաշտօնակատարին ցուցմունքներուն հիման վրայ կարելի է հաստատել, որ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի եղբայր եւ բարեկամ...

Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Պետական Քննութիւնները  Պիտի Կատարուին Յուլիս Ամսուան Ընթացքին

Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Պետական Քննութիւնները Պիտի Կատարուին Յուլիս Ամսուան Ընթացքին

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ պրէօվէի եւ պաքալորէայի 2021-ի պետական քննութիւնները պիտի կատարուին յուլիս ամսուան ընթացքին: Պրէօվէի պետական քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 12 յուլիս 2021-ին եւ պիտի աւարտին հինգշաբթի, 15 յուլիս 2021-ին: Իսկ պաքալորէայի պետական քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին եւ պիտի աւարտին շաբաթ, 31 յուլիս...

Զարիֆ Այսօր Կ՛այցելէ  Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Զարիֆ Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այսօր պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: «Արտաքին գործոց նախարարը վաղը պիտի մեկնի Ազրպէյճան եւ Հայաստան», ըսած է ան: Իրանեան դիւանագիտութեան պետին շրջանային այցելութեան մանրամասնութիւնները յայտնի չեն: Զարիֆ վերջին անգամ Հայաստան այցելած էր այս տարուան...

Չինաստան Երեւանին  Ու Պաքուին Կոչ Ուղղած Է

Չինաստան Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Ուղղած Է

Փեքին յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի կարենան տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան միջոցով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Լիցզիանը: «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Չինաստանի բարեկամական գործընկերներն են: Չինաստանը անկեղծօրէն յոյս ունի, որ կողմերը պիտի կարենան իրենց հակասութիւններն ու տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան միջոցով, միասնաբար պիտի աջակցին շրջանային խաղաղութեան...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայաստանի Տարածք Ներթափանցած Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Անձնակազմի Մէկ Մասը Վերադարձած Է Ելման Դիրքեր»

Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 23 մայիսի կէսօրուան դրութեամբ, համեմատաբար կայուն է, դէպքեր չեն արձանագրուած: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: «22 մայիսի երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցած անձնակազմի մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքեր: Մամուլով շրջանառուող պնդումը, թէ «Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճին մօտ 1000-է աւելի...

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները  Կը Դատապարտեն Զրպարտութիւնն ու Յերիւրանքը

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները Կը Դատապարտեն Զրպարտութիւնն ու Յերիւրանքը

Հերթական տխմար փորձն է վարկաբեկելու «Հայաստան» դաշինքը: Այս մասին «Նիւզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեանը` անդրադառնալով մամուլի այն հրապարակումներուն, որ այս օրերուն տեղեկատուական հարթակներուն վրայ կեղծ տեղեկութիւններ տարածուած են որոշ ուժերու կողմէ այս կամ այն համայնքին մէջ գումար բաժնելու մասին: «Փաստ» թերթին տեղեկութիւններով` Նիկոլ Փաշինեան իրաւապահ համակարգին յանձնարարական տուած է «յայտնաբերել» քանի մը տասնեակ...

Page 19 of 256 1 … 18 19 20 … 256