Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Ցեխարձակումները

May 24, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին նախագահեց Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան վարչական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր:

Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց սիոնական բռնագրաւումին կողմէ Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթող քաղաքացիներուն դէմ գործուած խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ Շէյխ Ժարրահի բնակչութեան վրայ յարձակումներն ու իսրայէլեան ուժերուն կողմէ զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու քայլերը:

Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան թշնամի գոյացութեան գործած բռնարարքները, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր երեխաներ, կիներ եւ տարեցներ, ինչպէս նաեւ պատճառեցին քանդումներ` ենթակառոյցի, բուժարաններու, դպրոցներու եւ աղօթավայրերու:

Խորհուրդը դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ ցեխարձակումները, յատկապէս լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու կողմէ:

«Սէուտական Արաբիա տասնեակ տարիներէ ի վեր կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան, համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան: Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ կը գործեն հազարաւոր լիբանանցիներ, որոնք լաւապէս հիւրընկալուած են այդ երկիրներուն մէջ, հետեւաբար պէտք է կասեցնել Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն դէմ հնչող բոլոր ցեխարձակումները, ըլլան անոնք անհատներու կամ հոսանքներու կողմէ», ընդգծեց խորհուրդը:

Խորհուրդը զարմանք յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին նամակ յղելու եւ նշանակեալ վարչապետը կառավարութեան կազմութեան արգելակումին յանցանքով ամբաստանելու քայլին նկատմամբ: «Մենք, լիբանանցիները եւ ոչ լիբանանցիները, գիտենք, թէ ո՛վ արգելակած է եւ կը շարունակէ արգելակել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, երբ բոլորին համար յստակ է կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` նշանակեալ վարչապետին առաջադրած եւ պնդած չափանիշներուն համաձայն», հաստատեց խորհուրդը:

Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը վերահաստատեց, որ պէտք է կազմել կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը, որ կը փրկէ լիբանանցիները եւ կը վերականգնէ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ արաբական ու միջազգային ընտանիքներուն վստահութիւնը, որ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կայունութիւնը վերականգնելու աշխատանքին մէջ:

Նշենք, որ նախքան Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին գումարումը, միւֆթի Տըրիան դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմելու եւ երկրին փլուզումը կասեցնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Վարչապետ Սաատ Հարիրիին` Ներկայացնելու Մասնագէտներու Նոր Կառավարութեան Կազմ Մը»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Սայտայի Նաւահանգիստէն Մեծ Քանակութեամբ Հաշիշ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը Ձախողեցնելու Քայլը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.