Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Յայտարարեն, Որ Փաշինեանի Ստորագրած Փաստաթուղթը Երբեք Պիտի Չընդունին»

May 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վարչապետի աթոռը ժամանակաւորապէս զբաղեցնող անձը չի կրնար սպասարկել Հայաստանի շահերը, հետեւաբար անոր կողմէ ստորագրուող փաստաթուղթն ալ չի կրնար մեր շահերէն բխիլ», նշած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի այն պնդումին, թէ ստորագրուելիք նոր փաստաթուղթը 100 առ հարիւրով մեր շահերուն կը համապատասխանէ:

Իշխան Սաղաթէլեանի համոզումով` Փաշինեանը չունի օրինականութիւն եւ իրաւասութիւն որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու, իսկ եթէ ատիկա կը կատարէ ճնշումներու տակ, ապա թող հեռանայ: Սաղաթէլեան վստահ է, որ այդ փաստաթուղթը կ՛ենթադրէ տարածքներու զիջում` յիշեցնելով, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կը զգուշացնէ, որ Փաշինեանը Ալիեւին հետ իր բանաւոր պայմանաւորուածութիւնները պիտի փորձէ փաստաթուղթերով վաւերացնել:

Այն իրականութեան համար, որ Նիկոլ Փաշինեանը դեռ վարչապետի աթոռը կը զբաղեցնէ, Սաղաթէլեան կը տեսնէ նաեւ իր մեղքի բաժինը եւ ներողութիւն կը խնդրէ ժողովուրդէն:

Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած բոլոր ուժերուն առաջարկած է ստորագրել միասնական փաստաթուղթ, որով բոլորը կը յայտարարեն, որ մինչեւ Հայաստանի մէջ նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումը, այս իշխանութիւնները պէտք չէ բանակցութիւն վարեն կամ փաստաթուղթ ստորագրեն: Իշխան Սաղաթէլեան Մարուքեանի այս առաջարկին կը պատասխանէ իր առաջարկով. բոլոր ուժերը պէտք է յայտարարեն, որ Փաշինեանի ստորագրած փաստաթուղթը երբեք պիտի չընդունին:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Ոստիկանները Ուժ Կիրարկելով Բերման Ենթարկեցին Բողոքող Քաղաքացիներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.