Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինը` Ռուսիոյ Մէջ

May 24, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով: Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած էին պսակաժահրի համավարակի բռնկումով: Այս պարագան սակայն արգելք չեղաւ, որ այս խումբը նախաձեռնէ մշակութային գործունէութեան` պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպելով:

Շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան երկու ընկերներու եւ մասնակցութեամբ շուրջ երեսուն ազգայիններու:

Ժողովականները համաձայնեցան կազմել եռանդամ ժամանակաւոր վարչութիւն մը` վարելու ընթացիկ աշխատանքները, կազմելու կառոյցի ամբողջական անդամացանկը, պատրաստելու գործունէութեան ծրագիրը, մշակելու  միութեան ներքին կանոնագիրը եւ անոր հիմամբ հրաւիրելու առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ընտրել միութեան անդրանիկ վարչութիւնը` հետեւելով  նախապէս նոյն ժողովին կողմէ ընդունուած ներքին կանոնագիրի տրամադրութիւններուն:

Նման հանդիպում մը գումարուեցաւ նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, երկուշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան, շուրջ տասնհինգ ազգայիններով, որոնց կարգին էին արուեստագէտներ: Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութենէ ետք, կազմուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն մը` ստանձնելով նոյմանման պարտականութիւն:

Վստահ ենք, որ Համազգայինի գործելադաշտի այս նոր շրջանի կազմը շուտով պիտի դառնայ Ռուսիոյ հայկական համայնքի մշակութային կամքը դրսեւորող կարեւոր դերակատարներէն մէկը:

Բարի երթ կը մաղթենք Ռուսիոյ մեր ընկերներուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 22 մայիս 2021

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Աքսայի Շրջափակ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.