Newsletter

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց  Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ  Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Հայաստանի Ժամանակակից Պատմութեան Ամէնէն Ճակատագրորոշ Արտահերթ Ընտրութիւնները Ընթացան Բազմաթիւ Խախտումներով 20 յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք պիտի ընտրուի Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան 9-րդ խորհրդարանը եւ 8-րդ Ազգային ժողովը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն,  այս ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 593 հազար 572 ընտրողներէն 20 յունիսին քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1 միլիոն 281 հազար  174 քաղաքացի...

Պէյրութի Մէջ.   «Առանց Բարեկարգումի Գործադրութեան Կարելի  Չէ Լիբանանին Օժանդակութիւններ Տրամադրել»   Շեշտեց Ժոզեֆ Պորել

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Բարեկարգումի Գործադրութեան Կարելի Չէ Լիբանանին Օժանդակութիւններ Տրամադրել» Շեշտեց Ժոզեֆ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պորելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող դժուար ու տագնապալի պայմաններն ու երկիրը այդ իրավիճակէն դուրս բերելու համար Եւրոպական Միութեան ունենալիք դերակատարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց,...

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան  Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Տագնապներ  Բացայայտեց»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Տագնապներ Բացայայտեց»

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու ջանքերուն առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը աւելի վտանգաւոր տագնապներ բացայայտած է` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու առումով իրենց մղած պայքարին նպատակը կառավարութեան կազմութեան արգելակումը չէ, այլ` իրենց ազատ գոյութեան պաշտպանութիւնը: «Մեր ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է մեր դերակատարութեան, որ պէտք է...

Խմբագրական.  Տարածքային Ամբողջականութեան  Եւ Պետականութեան Պահպանման Համար

Խմբագրական. Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Պետականութեան Պահպանման Համար

Վաղը ճակատագրական օր է մեր երկրի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Առիթ է մեր համազգային երթը վերահունաւորելու դէպի պետականութեան ամրակայում, դէպի արժանապատիւ խաղաղութիւն: Հարուածուած են մեր պետականութեան յենասիւները: Գլխատուած են պաշտպանական եւ դիւանագիտական համակարգերը: Չէզոքացուած է ներհասարակական համերաշխութիւնը: Անջատուած է խաղաղութեան արժանապատիւ բնոյթը: Աշխարհաքաղաքական գործընթացները չեն ընթացած մեզի  ի նպաստ. անոնք գործի դրուած են, երբ պետական մակարդակով հրամցուած են խաղաթուղթերը օգտագործելու հնարաւորութիւններ:...

«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ  Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

18 յունիսին` քարոզարշաւի վերջին օրը, «Հայաստան» դաշինքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբեց մեծաթիւ ժողովուրդ, որ եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու դաշինքին` այն հաւատքով եւ յոյսով, որ դաշինքին ճամբով կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դուրս բերել ներկայ մղձաւանջային վիճակէն, վերականգնել հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը եւ գործել` կերտելու լաւ ու խոստմնալից ապագայ: Հայաստանի բոլոր մարզերն ու քաղաքները այցելելէ, հաւաքներու եւ հանդիպումներու ճամբով բնակիչներուն կարիքներուն ծանօթանալէ...

Ռոպերթ Քոչարեան. «Միասին Շէնացնենք  Մեր Տունը, Մեր Հայաստանը»

Ռոպերթ Քոչարեան. «Միասին Շէնացնենք Մեր Տունը, Մեր Հայաստանը»

Հայաստանի նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ժողովուրդին յղեց հետեւեալ ուղերձը. «Սիրելի՛ ժողովուրդ,   Աւարտին մօտեցաւ արտահերթ ընտրութիւնների քարոզարշաւը: Անցած մէկ ամսուայ ընթացքում խմբակիցներիս հետ միասին շրջեցինք Հայաստանով մէկ: Վաղուց` 13 տարի ձեզ հիւր չէի եղել, շնորհակալ եմ հիւրընկալութեան ու ջերմ ընդունելութեան համար: Այս օրերին հազարաւոր մարդկանց ձեռք եմ սեղմել, նայել եմ նրանց աչքերին: Չեմ...

Շարունակուող Տագնապներու  Լոյսին Տակ.   Անդուլ Ճիգեր` Կանխարգիլելու Համար  Համատարած Բռնկումը

Շարունակուող Տագնապներու Լոյսին Տակ. Անդուլ Ճիգեր` Կանխարգիլելու Համար Համատարած Բռնկումը

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք կը շարունակեն «տապլտկիլ» իրենց առօրեայ կարիքներու ապահովման ճիգերուն մէջ, անդին գրաւոր թէ բանաւոր փոխադարձ բանավէճն ու ցեխարձակումը կը շարունակուին լիբանանեան առնչակից հակադիր կողմերուն միջեւ` իւրաքանչիւրը փորձելով իր ուսերէն թօթափել տագնապի վատթարացման պատասխանատուութիւնը: Արդարեւ, ըստ իրազեկ մեկնաբաններու, հարցերու լուծման գլխաւոր «բանալի» նկատուող` կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան խոստմնալից քայլեր չկան եւ բոլորը տեղքայլի դիրքի մէջ են` սպասելով «ազդեցիկ» կողմերու...

Քերիմ Ժպարա Կը Զգուշացնէ  Դեղորայքի Տագնապէ

Քերիմ Ժպարա Կը Զգուշացնէ Դեղորայքի Տագնապէ

«Ընթացիկ եւ ծանր հիւանդութեանց դեղորայքի եւ նորածիններու կաթի հարիւրաւոր տուփեր պիտի սպառին յառաջիկայ շաբաթներուն, եւ լիբանանցիք պիտի մնան առանց դեղորայքի եւ նորածինի կաթի, եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի եւ լուծման անմիջական քայլերու չդիմուի», յայտարարեց Դեղեր ներածողներու սենտիքայի նախագահ Քերիմ Ժպարա երէկ` ուրբաթ, 18 յունիս 2021-ին: Մամլոյ ասուլիս մը տալով, Ժպարա ընդգծեց, որ հիւանդներ իրենց դարմանումի կարելիութենէն պիտի զրկուին, եթէ առողջապահութեան նախարարութիւնն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր:  

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը սկսաւ հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին` մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ 99 պատգամաւորներու: Վեց օրերու վրայ երկարող նիստերով ժողովը հանգամանօրէն ու համապարփակ քննարկումի ենթարկեց Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի անցնող 28 ամսուան գործունէութիւնը եւ ապա յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար կայացուց որոշումներ: Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 28 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ ծայր...

«Հայաստան» Դաշինքի Ժողովրդային  Հանդիպումները` Գեղարքունիքի Մէջ

«Հայաստան» Դաշինքի Ժողովրդային Հանդիպումները` Գեղարքունիքի Մէջ

«Հայաստան» դաշինքը իր նախընտրական քարոզարշաւը աւարտեց 17 յունիսին, Գեղարքունիքի մէջ: Վերջին կանգառը Սեւան քաղաքն էր, անկէ առաջ դաշինքի ղեկավարները ժողովուրդին հետ սրահներու մէջ թէ բացօթեայ հանդիպումներ ունեցան Շորժայի, Վարդենիսի, Մարտունիի, Գաւառն եւ այլ համայնքներու մէջ: Սեւան քաղաքի հրապարակը տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, թէ արդէն շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ ի՛նչ...

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւը  Կը Պահանջէ Անմիջապէս Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 16 յունիսին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումներուն հիման վրայ, խորհրդարանը 17 յունիսին կայացած լիագումար նիստին ընթացքին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 թեր, 3 դէմ) որդեգրած է բանաձեւ, որով կը պահանջէ հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները ազատ արձակել: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Քանի որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած է զինադադար, որուն մաս...

«Ազրպէյճան Գտնուող Հայ Պատերազմական  Գերիները Պէտք Է Շուտափոյթ Ազատ Արձակուին»  Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Բոլոր Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Հայրենիք Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 16 յունիսի նիստի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանականներուն եւ արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Քաախի միջեւ մանրամասն քննարկում տեղի ունեցած է Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ հետագայ զարգացումներուն շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշեալ քննարկման ընթացքին Նետերլանտներու տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող երեսփոխանները նախարարին ուղղած են տասնեակ մը հարցումներ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքներուն, Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութիւնը դադրեցնելու, Ազրպէյճանի...

Խօսելով Շուշիի Հռչակագիրին Մասին`  «Մենք Ճիշդ Չենք Նկատեր Լեռնային Ղարաբաղի  Հարցին Մէջ Հայաստանի Կամ Ազրպէյճանի  Յարաբերութիւններու Խառնումը Երրորդ Կողմերու Հետ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Խօսելով Շուշիի Հռչակագիրին Մասին` «Մենք Ճիշդ Չենք Նկատեր Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Հայաստանի Կամ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Խառնումը Երրորդ Կողմերու Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ վերջին շաբաթներուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութիւնը ընդհանուր առմամբ նուազած է: «Սահմանային վէճի լուծման վերաբերեալ համապատասխան խորհրդատուութիւնները պիտի շարունակուին: Ռուսիան կը շարունակէ իր աշխուժ միջնորդական ջանքերը: Իբրեւ խնդիրի կայուն եւ տեւական լուծման պայման, մենք կը տեսնենք երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման աշխատանքներու անյապաղ մեկնարկը, որուն պէտք է յաջորդէ...

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը  Կը Զգուշացնէ. «Քաղաքացիական Անհնազանդութիւնը  Պիտի Ըլլայ Մեր Ընտրանքը»

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Կը Զգուշացնէ. «Քաղաքացիական Անհնազանդութիւնը Պիտի Ըլլայ Մեր Ընտրանքը»

Պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաները լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ ընդառաջեցին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադուլի կոչին` իբրեւ բողոք երկրին ապրուստի պայմաններուն վատթարացման եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն դէմ, ինչպէս նաեւ պահանջելով կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը: Բայց եւ այնպէս պետական կարգ մը հաստատութիւններու մէջ արձանագրուեցան բացառութիւններ, եւ աշխատանքը շարունակուեցաւ` քաղաքացիներուն անհրաժեշտ եւ անմիջական ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով: Նապաթիէի մէջ ընդհանուր գործադուլին...

Ֆրանսայի Հրաւէրով Առցանց Խորհրդաժողով`  Լիբանանեան Բանակին Օժանդակութեան

Ֆրանսայի Հրաւէրով Առցանց Խորհրդաժողով` Լիբանանեան Բանակին Օժանդակութեան

Ֆրանսայի հրաւէրով երէկ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի օժանդակութեան համաշխարհային առցանց խորհրդաժողովը, որուն զօրակցեցան ՄԱԿ-ն ու Իտալիան, իսկ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 երկիրներ: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ բոլորը շահագրգռուած են, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ իր պարտականութիւնը շարունակելու կարողութիւնը պահէ: Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու...

Հասսան Տիապ. «Պահանջուած Է Պետական  Վարչութիւններուն, Դատական Իշխանութիւններուն  Եւ Ապահովական Կառոյցներուն  Միջեւ Գործակցութիւնը Ամրապնդել»

Հասսան Տիապ. «Պահանջուած Է Պետական Վարչութիւններուն, Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը Ամրապնդել»

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նախագահեց վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան չարաշահումի եւ մաքսանենգումի դէմ պայքարի միջոցները: Նիստին ընթացքին Տիապ յայտնեց, որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ եւ բարդութիւններ, որոնք կը հարուածեն երկրին տարբեր մարզերը` աւելցնելով, որ կարելի չէ այդ բարդութիւնները դիմագրաւել ընթացիկ հարցերու կառավարութեամբ: «Կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան, սակայն պետութիւնը մնայուն է: Ասիկա կը...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի  Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` թեքուանտոյի Ասիոյ ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան, Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Թեքուանտոյի Ասիոյ մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր թեքուանտոյի Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ, կը վայելէր հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան արտասանեց նախագահ Աունի խօսքը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ այս է այն Լիբանանը, որ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները եւ կառչած...

Ապպաս Իպրահիմ. «Պէտք Է Գործակցիլ Թափանցիկութեան Ամէնէն Բարձր Չափանիշներուն Հիման Վրայ` Դուրս Գալու Համար Ամբողջ Լիբանանը Հարուածած Աղէտէն»

Ռուսիոյ Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռուս Պատասխանատուներու Հետ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռուսիա, հանդիպումներ ունեցաւ ռուս պատասխանատուներու հետ: Իպրահիմ այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Խորհրդակցութիւնները անդրադարձան նաեւ ահաբեկչութեան եւ անոր դրդապատճառներուն դէմ...

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները  Գիւմրիի Եւ Շիրակի Մարզի Համայնքներուն Մէջ  Բազմամարդ Հանդիպումներ Եւ Հաւաքներ Կ՛ունենան

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները Գիւմրիի Եւ Շիրակի Մարզի Համայնքներուն Մէջ Բազմամարդ Հանդիպումներ Եւ Հաւաքներ Կ՛ունենան

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքը: Մինչ այդ` դաշինքը Շիրակի մարզի Արթիկ, Մարալիկ, Աշոցք եւ Ամասիա համայնքներուն մէջ ընտրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպումներ եւ հաւաքներ: Գիւմրիի թատերական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաք-հանդիպումը ընտրողներուն հետ: Մարալիկի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ....

Page 12 of 256 1 … 11 12 13 … 256