Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Տագնապներ Բացայայտեց»

June 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու ջանքերուն առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը աւելի վտանգաւոր տագնապներ բացայայտած է` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու առումով իրենց մղած պայքարին նպատակը կառավարութեան կազմութեան արգելակումը չէ, այլ` իրենց ազատ գոյութեան պաշտպանութիւնը:

«Մեր ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է մեր դերակատարութեան, որ պէտք է ամբողջական ըլլայ ազգային իմաստով եւ ոչ թէ համայնքային: Այսպիսով է միայն, որ Լիբանան ինքնուրոյն պատգամի մը տէրը կը մնայ», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ այնքան ատեն որ իր հետեւորդները կը տոկան, ապա ինք եւս պիտի տոկայ` աւելցնելով, որ այսօրուան իրենց կորսնցուցածը անկարելի է ապագային վերագտնել:

Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` Պասիլ յայտնեց, որ անոնք 1990-ին եւ 2005-ին իրենց դերակատարութիւնը արդար կերպով չեն կատարած քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքը պաշտպանելու իմաստով եւ լուռ մնացած են, ու ցարդ 1990-էն ուսանելի ոչ մէկ դաս քաղած:

«Մենք կը մերժենք 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութեան մէջ «երրորդութեան» տարազը, այսինքն` 8-8-8 դրութիւնը` հաստատելով, որ հաւասարութիւնը կը պահանջէ, որ անիկա ըլլայ 12-12», ըսաւ Պասիլ` խստիւ դատապարտելով այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը չի կրնար նախարար նշանակել:

Պասիլ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կոչեց բարեկամ ու աւելի՛ն` իրաւարար, եւ անոր ուղղեց իր հետեւեալ խօսքը. «Այսօր քեզի կը վստահիմ իմ եւ իմ ներկայացուցած ժողովուրդիս իրաւունքները: Դուն գիտես, որ մենք թիրախ ենք, ինչպէս նաեւ գիտես, որ կառավարութեան կազմութեան առումով շատ բաներէ զիջած ենք: Սէյիտ Հասան, ես գիտեմ, որ իրաւունքի ջատագով ես, եւ իբրեւ այդպիսին կ՛ընդունիմ այն, ինչ որ դուն քեզի համար կ՛ընդունիս: Կառավարութեան կազմութեան իմաստով այս է իմ ըսելիք վերջին խօսքս»:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, «սակայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ուշանալուն պարագային, կը զօրակցինք պէտք եղած քայլերուն դիմելու, որպէսզի կայանան կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթով զբաղող քաղաքական ոչ մէկ ուժ անդրադարձաւ Պասիլի կատարած յայտարարութիւններուն, իսկ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Ապու Տապի:

 

 

Նախորդը

«Խոհեմութեան» Իմաստակութիւնը

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Բարեկարգումի Գործադրութեան Կարելի Չէ Լիբանանին Օժանդակութիւններ Տրամադրել» Շեշտեց Ժոզեֆ Պորել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.