Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` թեքուանտոյի Ասիոյ ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան, Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ:
Թեքուանտոյի Ասիոյ մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր թեքուանտոյի Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ, կը վայելէր հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան արտասանեց նախագահ Աունի խօսքը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ այս է այն Լիբանանը, որ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները եւ կառչած կը մնայ կեանքին` ապաւինելով յոյսին:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց թեքուանտոյի Ասիոյ ֆետերասիոնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ախոյեանութիւնը կազմակերպող Լիբանանի ֆետերասիոնին եւ ախոյեանութեան բոլոր մասնակիցներուն:
Ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան աւարտին թեքուանտոյի Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ յուշանուէր մը յանձնեց նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեանին:
Բացման հանդիսութենէն ետք կատարուեցաւ թեքուանտոյի յատուկ ներկայացում, իսկ ախոյեանութեան պաշտօնական մրցումները կը սկսին այսօր:



