Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ վերջին շաբաթներուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութիւնը ընդհանուր առմամբ նուազած է:
«Սահմանային վէճի լուծման վերաբերեալ համապատասխան խորհրդատուութիւնները պիտի շարունակուին: Ռուսիան կը շարունակէ իր աշխուժ միջնորդական ջանքերը: Իբրեւ խնդիրի կայուն եւ տեւական լուծման պայման, մենք կը տեսնենք երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման աշխատանքներու անյապաղ մեկնարկը, որուն պէտք է յաջորդէ սահմանագծումը: Մենք կը հաստատենք այս հոլովոյթին առաւելագոյն աշխուժ օժանդակութիւն ցուցաբերելու մեր պատրաստակամութիւնը», յայտարարած է Զախարովա:
Խօսելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ստորագրուած Շուշիի հռչակագիրին մասին` Զախարովա յայտարարած է. «Մենք ճիշդ չենք նկատեր Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու խառնումը երրորդ կողմերու հետ: Մենք ասոր հիման վրայ կը դիտենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարձր մակարդակի վերջին հաղորդակցութիւնները»:



