Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերիմ Ժպարա Կը Զգուշացնէ Դեղորայքի Տագնապէ

June 19, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ընթացիկ եւ ծանր հիւանդութեանց դեղորայքի եւ նորածիններու կաթի հարիւրաւոր տուփեր պիտի սպառին յառաջիկայ շաբաթներուն, եւ լիբանանցիք պիտի մնան առանց դեղորայքի եւ նորածինի կաթի, եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի եւ լուծման անմիջական քայլերու չդիմուի», յայտարարեց Դեղեր ներածողներու սենտիքայի նախագահ Քերիմ Ժպարա երէկ` ուրբաթ, 18 յունիս 2021-ին: Մամլոյ ասուլիս մը տալով, Ժպարա ընդգծեց, որ հիւանդներ իրենց դարմանումի կարելիութենէն պիտի զրկուին, եթէ առողջապահութեան նախարարութիւնն ու Կեդրոնական դրամատունը չտրամադրեն պահանջուող գումարը: Ժպարա յիշեցուց, որ արտասահմանէն դեղորայք ներածողներ վճարած են իրենց վերապահուած գումարը, եւ կը մնայ, որ Կեդրոնական դրամատունը այդ գումարը տոլարի վերածելով տրամադրէ արտասահմանեան դեղորայքի ընկերութիւններուն, որոնք կը մերժեն դեղ ուղարկել նախքան նախկին վճարումներու հաշուեփակը: Ըստ Ժպարայի, անհրաժեշտ է առնուազն 600 հազար ամերիկեան տոլարի գումար ապահովել, այս հարցին անմիջական լուծում գտնելու համար:

Նշենք, որ հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումի, ապա 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի եւ «Քորոնա» համավարակի հետեւանքներուն բերումով զգալի թիւով մասնագէտ բժիշկներ եւ հիւանդապահներ արտագաղթած են Լիբանանէն: Ըստ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ, տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆի, շաբաթական առնուազն 25 բժիշկներ զանազան պատրուակներով երկրէն մեկնելու հաստատագիրներ կը պահանջեն, իսկ իւրաքանչիւր համալսարանի կից գործող հիւանդանոցէ առնուազն 100 մասնագէտ-բժիշկներ արդէն իսկ մեկնած են Լիբանանէն: «2019-էն ի վեր 1200 բժիշկներ մեկնած են Լիբանանէն», ընդգծեց Ապու Շարաֆ` պահանջելով ապահովել բժշկական ցանցի անձնակազմի գէթ կենցաղային տարրական պայմանները:

Նմանապէս, ըստ հիւանդապահներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Միրնա Ապտալլայի, 1600 հիւանդապահներ լքած ու մեկնած են Լիբանանէն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շարունակուող Տագնապներու Լոյսին Տակ. Անդուլ Ճիգեր` Կանխարգիլելու Համար Համատարած Բռնկումը

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.