Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակուող Տագնապներու Լոյսին Տակ. Անդուլ Ճիգեր` Կանխարգիլելու Համար Համատարած Բռնկումը

Յունիս 19, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք կը շարունակեն «տապլտկիլ» իրենց առօրեայ կարիքներու ապահովման ճիգերուն մէջ, անդին գրաւոր թէ բանաւոր փոխադարձ բանավէճն ու ցեխարձակումը կը շարունակուին լիբանանեան առնչակից հակադիր կողմերուն միջեւ` իւրաքանչիւրը փորձելով իր ուսերէն թօթափել տագնապի վատթարացման պատասխանատուութիւնը:

Արդարեւ, ըստ իրազեկ մեկնաբաններու, հարցերու լուծման գլխաւոր «բանալի» նկատուող` կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան խոստմնալից քայլեր չկան եւ բոլորը տեղքայլի դիրքի մէջ են` սպասելով «ազդեցիկ» կողմերու կանաչ լոյսին:

Այս ծիրին մէջ օրինակ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ Զիատ Սայեղ անհաւանական նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը մօտիկ ապագային: Ան նաեւ ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է եւ այս գծով ան կը շարունակէ իր ճիգերը: Ինչպէս նաեւ` նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի շարունակէ իր ճիգերը, առանց սակայն հրաժարական ներկայացնելու, որքան ալ որ ուշանայ լուծման քայլը:

Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ, Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ իրենց համախմբումի երեսփոխանները պիտի չհրաժարին, հակառակ անոր, որ կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան յոյս չկայ: Իսկ նոյն համախմբումի անդամ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա, անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան, դիտել տուաւ, որ խաղաղարար միջնորդի դեր կատարողը պէտք է չէզոք դիրք ունենայ եւ ոչ թէ կողմնակալ ըլլայ, ակնյայտօրէն ակնարկելով Պըրրիի ցուցաբերած զօրակցութեան` նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ:

Նոյն ծիրին մէջ, լրագրող Սքարլեթ Հատտատ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելքներուն գծով սխալ եւ անհիմն տեղեկութիւններ կը ներկայացուին արտաքին առնչակից կողմերուն` ակնարկելով Սաատ Հարիրիի համակիրներուն կողմէ Պքերքէին թէ Ֆրանսային ներկայացուած տեղեկութիւններուն եւ արտայայտուած կեցուածքներուն:

Ոմանք աւելի յոռետես մօտեցումով կը խորհին, թէ կացութիւնը հետզհետէ վատթարանալով պիտի շարունակուի մինչեւ այս իշխանութեան, յատկապէս` նախագահ Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտը` անոր իշխանութեան շրջանը նսեմացնելու եւ նոր նախագահի հաւանական թեկնածուներու առաջքը առնելու միտումով` ակնարկելով Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի թեկնածութեան հաւանականութեան: Աւելի՛ն, ոմանք հիմնական մտավախութիւն կ՛արտայայտեն փողոցին մէջ կացութեան ապահովական «բռնկեցման» գծով, որուն նախաքայլերը կը կատարուին յաճախակիօրէն, լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ յայտարարուած բողոքի ելոյթներով: Այս ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 18 յունիսի երեկոյեան, Սայտայի կարգ մը շրջաններու մէջ ցուցարարներ փակեցին Էլիա հրապարակն ու Ելեկտրականութեան ընկերութեան մայրուղին` այրելով աղբերու տակառները: Փաստօրէն, հինգշաբթի, 17 յունիսին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ընդհանուր գործադուլի նախօրեակին քուլիսային սերտ ճիգեր կատարուած են զանազան կողմերու միջեւ` կանխարգիլելու համար գործադուլի պատրուակով «ծրագրուող» ապահովական համատարած բռնկումի վտանգը: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր երկարած խորհրդակցութիւնները յաջողած են այս անգամ եւս Լիբանանը փրկել ապահովական գահավիժումի սպառնալիքէն:

Այսուհանդերձ երկրին ղեկավարները առանց յուսահատելու կը շարունակեն իրենց խաղաղարար լուծման նախաձեռնութիւնները: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ նախագահ Միշել Աուն մօտերս ելոյթ ունենայ` բացայայտելով իր մէկ նախաձեռնութիւնը` Ազգային երկխօսութեան կլոր սեղանի թէ այլ միջոցառման ծիրին մէջ, ուր նախագահ Աուն վճռական կեցուածքով պիտի բացայայտէ տիրող կացութեան ծալքերուն իսկական պատկերը` պարզելով առնչակից իւրաքանչիւր կողմի կեցուածքը:

Նմանապէս կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ ելոյթ ունենայ վաղը` կիրակի, 20 յունիս 2021-ին, բացայայտելով իր կեցուածքը տիրող կացութեան գծով:

Նոյն ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թախանձագին կոչ ուղղեց զիջումներ կատարելու եւ անյապաղ լուծման յանգելու կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան գծով:

Նաեւ` Արտաքին Կողմեր

Լիբանանի հետզհետէ վատթարացող վիճակը օրակարգի վրայ է նաեւ արտաքին կողմերու մօտ: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ արտաքին հեղինակաւոր ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ տրամադրութիւն կը յայտնեն օժանդակելու Լիբանանին, անոնք նախապայման կը դնեն կառավարութեան կազմութիւնը: Նմանապէս, ռուսական աղբիւրներու մօտիկ շրջանակներու կարծիքով` ռուսական տնտեսական  հեղինակաւոր ընկերութիւններ արդէն իսկ սկսած են Լիբանանի կացութեան ուսումնասիրութեան եւ այս գծով իրենց ներդրումը պիտի ունենան: Իսկ պետական պաշտօնական մակարդակով, մօտ օրէն Ռուսիա միջազգային համագումար մը պիտի կազմակերպէ` լուծելու համար Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթական ապաստանեալներու հարցը:

Դարձեալ նոյն նպատակով, Հռոմի պապը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ իր հանդիպումի ընթացքին առանցքային կարեւորութեամբ պիտի շեշտէ Լիբանանի հոգածութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս կը հաւաստեն իրազեկ աղբիւրներ: Իսկ Ֆրանսա կը շարունակէ իր ճիգերը, եւ այս գծով յատուկ մասնագէտներ սկսած են սերտել լիբանանեան սահմանադրութեան 53-րդ կէտի խախտումին գծով տեղեկութիւններու ծալքերը: Այս գծով կը նախատեսուի ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան յատուկ պատուիրակներու Պէյրութ այցելութիւնը մօտերս:

Բնականաբար, Իրանի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքը եւ Սէուտական Արաբիոյ թէ Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի յարաբերութիւններու «սառցահալ»-ի նշոյլները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:

Այս բոլորին առընթեր առկայ են նաեւ կարգ մը կողմերու ծաւալապաշտ ախորժակները, որոնք կը դրսեւորուին ազդեցութեան ամրապնդման փորձերով: Արդարեւ, շրջան ընող դաշնակցային դրութեան հաստատման լուրերու ծիրին մէջ Թուրքիա նախապայման նկատած է, որ Լիբանանի հիւսիսային Թրիփոլիի շրջանի «խնամատարութիւնը» վստահուի Թուրքիոյ…

Այլ խօսքով, Լիբանան կը գտնուի ներքին «ապահովական մուրճի եւ տնտեսական սալի» սպառնալիքին միջեւ, սպասելով արտաքին «կանաչ» լոյսերուն:

 

Նախորդը

Քերիմ Ժպարա Կը Զգուշացնէ Դեղորայքի Տագնապէ

Յաջորդը

«Մոսկուան Կը Փափաքի, Որ Հայաստանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Յաջողութեամբ Կատարուին» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

Դեկտեմբեր 13, 2025
ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ  Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

Դեկտեմբեր 13, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի  Պատուիրակութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի Պատուիրակութիւնը

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?