Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասսան Տիապ. «Պահանջուած Է Պետական Վարչութիւններուն, Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը Ամրապնդել»

June 18, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նախագահեց վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան չարաշահումի եւ մաքսանենգումի դէմ պայքարի միջոցները:

Նիստին ընթացքին Տիապ յայտնեց, որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ եւ բարդութիւններ, որոնք կը հարուածեն երկրին տարբեր մարզերը` աւելցնելով, որ կարելի չէ այդ բարդութիւնները դիմագրաւել ընթացիկ հարցերու կառավարութեամբ:

«Կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան, սակայն պետութիւնը մնայուն է: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ժողովուրդին պաշտպանութեան պատասխանատու է

պետութիւնը, ո՛չ միայն ապահովական իմաստով, այլեւ` ապրուստի եւ ընկերային ու տնտեսական մարզերու երաշխաւորման իմաստով:

Տիապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան իրավիճակը կը նպաստէ լիբանանեան պետութեան քանդումին եւ կը սպառնայ անոր գոյութեան, ինչպէս նաեւ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի քաոս:

«Փողոցին մէջ մեր վկայածը վախազդու է եւ ցոյց կու տայ պետութեան չգոյութիւնը: Ժողովուրդը կը լեցնէ պետութեան բաց ձգած դատարկութիւնը, ինչ որ մտահոգիչ է եւ կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ անիկա կը պատրաստէ անձնական ապահովութեան մտայնութեան ենթահողը: «Անձնական ապահովութեան ենթահողի պատրաստութիւն կը նշանակէ կազմակերպական քաոսային իրավիճակ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի կազմաքանդում: Ապահովութիւն ըսելով կը հասկնամ նաեւ ընկերային եւ ապրուստի ապահովութիւնը», աւելցուց Տիապ:

Ան շեշտեց, որ պատասխանատուութիւնը բոլորին է, այսինքն` պետական վարչութիւններուն, դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն, «սակայն յատկապէս  եւ նախ եւ առաջ պատասխանատու են անոնք, որոնք 10 ամիսէ ի վեր կառավարութիւն չեն կազմեր», աւելցուց Տիապ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ պահանջուած է պետական վարչութիւններուն, դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել` դիմադրելու համար կարգ մը առեւտրականներու ընչաքաղցութեան:

Նիստին աւարտին որդեգրուեցան կարգ մը յանձնարարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ դատական իշխանութիւնները աւելի խիստ կերպով պիտի հետապնդեն չարաշահողներն ու մաքսանենգները, ապահովական ուժերը աւելի մօտէն պիտի հետապնդեն վառելանիւթի, դեղորայքի եւ քաղաքացիներուն տարրական կարիքները նկատուող ապրանքներու պահեստանոցներուն մէջ ամբարումը եւ պարբերական ներխուժումներ պիտի կատարեն այդ պահեստանոցներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հրաւէրով Առցանց Խորհրդաժողով` Լիբանանեան Բանակին Օժանդակութեան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.