Newsletter

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքը Կ՛անդրադառնայ Երկրին Մէջ Սկսած Քաղաքական Բռնաճնշումներուն

Երէկ «Հայաստան» դաշինքի բանբեր Արամ Վարդեւանեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստան» դաշինքն արձանագրում է երկրում սկսուած քաղաքական բռնաճնշումների մասին: Ընդամէնը երէկ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խօսում էր համերաշխութեան ձեռք մեկնելու մասին, մինչդեռ այսօր արդէն բազմաթիւ ահազանգեր ենք ստացել բոլոր այն համայնքներից, ուր խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններում համայնքների ղեկավարները «Հայաստան» դաշինքի համախոհները կամ խմբակիցներն են եղել: Այդ բոլոր համայնքներում համայնքապետերին սպառնալիքներով յորդորում...

Ցուցարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  «Ես Ինքզինքս Պատասխանատու Կը Զգամ  Ժողովուրդին Եւ Յաջորդ Սերունդներուն Առջեւ»  Կ՛ըսէ Արայիկ Յարութիւնեան

Ցուցարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ես Ինքզինքս Պատասխանատու Կը Զգամ Ժողովուրդին Եւ Յաջորդ Սերունդներուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Արայիկ Յարութիւնեան

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերադառնալով Երեւանէն, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ խօսեցաւ իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն հետ: Ան արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցարարներուն հիմնական հարցերուն: «Յիմարութիւն պիտի ըլլայ կարծել, թէ հաճոյք կը ստանամ ներկայ իրավիճակէն: Կամ թէ ես որեւէ անձնական շահագրգռուածութիւն ունիմ շարունակելու պաշտօնավարումս, կամ կառչած եմ աթոռին: Ամենեւին ոչ: Ես պարզապէս ինքիզինքս պատասխանատու կը...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ.  «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու  Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները  Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ. «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»

Միացեալ Նահանգներ կը շնորհաւորեն Հայաստանի ժողովուրդը 20 յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ: «Կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) դիտորդական առաքելութեան ընդհանուր դրական գնահատականը: Գոհ ենք այն առումով, որ ԺՀՄԻԳ-ի նախնական եզրակացութեան մէջ կը նշուի, որ ընտրողներու...

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Շնորհաւորած Է Հայաստանը` «Յաջող Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Աւարտելու» Առիթով

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Շնորհաւորած Է Հայաստանը` «Յաջող Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Աւարտելու» Առիթով

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է 20 յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` հրապարակելով համապատասխան հաղորդագրութիւն մը: «Քանատան կը շնորհաւորէ Հայաստանը յաջող խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտելու առիթով: Մենք կ՛ակնկալենք համագործակցիլ մեր հայ գործընկերներուն հետ` շարունակելու մեր ջանքերը երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ», կը նշուի նախարարութեան թուիթըրեան էջին վրայ:  

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Բանբերին Կոչը` Քաղաքական Ուժերուն

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Բանբերին Կոչը` Քաղաքական Ուժերուն

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ միաւորելու ջանքերը եւ միասնաբար աշխատելու` արդիւնաւէտ կերպով յաղթահարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտահերթ ընտրութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան բանբերին անունով տարածուած յայտարարութեան մէջ: «20 յունիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻ)...

Մէկ Տարուան Մէջ Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը  Կրկնապատկուեցաւ, Իսկ Վերամուտը Բացառուած Կը Նկատուի

Մէկ Տարուան Մէջ Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Կրկնապատկուեցաւ, Իսկ Վերամուտը Բացառուած Կը Նկատուի

Մինչ ցուցարարներ երկրին տնտեսական տագնապալի պայմաններուն եւ կենցաղային առումով տիրող ահռելի իրավիճակին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն փակեցին Թրիփոլիի Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլի-Պըտտաուի մայրուղին, Մանքուպինը, Սայտայի Էլիա հրապարակն ու Սուր-Սայտա մայրուղին, տնտեսութեան նախարարութեան որոշումով լիբանանեան հացի կապին արժէքը, որ մէկ տարիէ ի վեր աստիճանաբար աճի մէջ կը գտնուէր, երէկ կրկնապատկուեցաւ եւ հասաւ 3000 լ. ոսկիի: Նախարարութեան բացատրութեան համաձայն, այդ որոշումը տրուած է,...

«Արտերկրի Լիբանանցիներ Կարեւոր  Դերակատարութիւն  Ունին Կատարելիք Լիբանանի  Տնտեսական Զարթօնքին Համար»  Ընդգծեց Նախագահ Աուն

«Արտերկրի Լիբանանցիներ Կարեւոր Դերակատարութիւն Ունին Կատարելիք Լիբանանի Տնտեսական Զարթօնքին Համար» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան-զիմպապուէյական բարեկամութեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան փոխնախագահ Մեհտի Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ միութեան ունեցած դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ Զիմպապուէյի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդումին մէջ: Նախագահ Աուն շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն ունենալիք կարեւոր դերակատարութիւնը Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին համար` աւելցնելով, որ այդպիսով անոնք կրնան օժանդակել, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նուազին: Նախագահ...

Պըրրի. «Յանձնառու Կը Մնանք  Բարեկարգումներու Գործադրութեան»

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Պիտի Առաջնորդէ Դէպի Ամբողջական Փլուզում»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով իր ճիգերն ու ջանքերը տակաւին առկայ են` աւելցնելով, որ ինք այդ նախաձեռնութեան կառչած պիտի մնայ, մինչեւ որ աւելի ընդունելի նախաձեռնութիւն մը կարելի ըլլայ գտնել: Պըրրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` նկատի ունենալով, որ ան կը վայելէ իր համայնքին, Տար Ֆաթուային, նախկին...

Զուիցերիոյ Մէջ Լիբանանցիներուն Պահ Դրուած  Գումարները 2,7 Միլիառ Տոլարի  Յաւելում Արձանագրած Են 2020-ին

Զուիցերիոյ Մէջ Լիբանանցիներուն Պահ Դրուած Գումարները 2,7 Միլիառ Տոլարի Յաւելում Արձանագրած Են 2020-ին

Զուիցերիական «Ֆէյ նիուզ» կայքին համաձայն, Զուիցերիոյ մէջ լիբանանցիներուն պահ դրուած գումարները 2,7 միլիառ տոլարի յաւելում մը արձանագրած են 2020-ին: Այս տեղեկութիւնները հրապարակուած են Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կատարած հաւանական խախտումներուն մասին ֆրանսական-զուիցերիական հետաքննութիւններուն լոյսին տակ: Զուիցերիոյ ազգային դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Լիբանանի տնտեսական-ելեւմտական տագնապը պատճառ դարձած է, որ լիբանանցիները իրենց գումարները Զուիցերիա փոխանցեն:  

«Ախպար» Օրաթերթին Համաձայն`   Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Զգուշացնէ Լիբանանի Մէջ Ռուսական Դեսպանատան Դէմ  Գործուելիք Յարձակումի Մը Հաւանականութենէն

«Ախպար» Օրաթերթին Համաձայն` Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Լիբանանի Մէջ Ռուսական Դեսպանատան Դէմ Գործուելիք Յարձակումի Մը Հաւանականութենէն

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը ներքին գործոց նախարարութենէն ստացան գիր մը, որուն համաձայն, Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան եւ դիւանագիտական անձնակազմին դէմ յարձակում մը հաւանական է: Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան, ռուսական դեսպանատան դէմ յարձակումը կրնայ գործուիլ Հայաաթ թահրիր շամ ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ, նախապէս ճանչցուած իբրեւ Ժապհաթ նուսրա: Ներքին գործոց...

Հրապարակուեցան Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Հրապարակուեցան Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«Քաղաքացիական Պայմանագիրը» Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Ունենայ 71 Աթոռ Իսկ «Հայաստան» Դաշինքը` 27, «Պատիւ Ունեմ»-ը Խորհրդարան Պիտի Անցնի Իրաւունքի Ուժով Եւ Ունենայ 7 Աթոռ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ հրապարակած է բոլոր 2008 ընտրական տեղամասերուն մէջ ամփոփուած նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց` յառաջատարը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնն է` քուէներու մօտ 53,92 առ հարիւրով: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, նոր...

Արմէն Ռուստամեան. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ  Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան Յաղթանակ»-ը»

Արմէն Ռուստամեան. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան Յաղթանակ»-ը»

Երէկ, 21 յունիսին «TALK TIME» հաղորդման ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն եւ անոր արդիւնքներուն, ըսաւ. «Ասիկա պիտի ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան յաղթանակ»-ը, եւ մենք չենք ընդունիր ընտրութիւններուն արդիւնքները, քանի որ այդ պարագային պիտի ունենանք Հայաստան, որուն խնդիրները պիտի մնան չլուծուած, հասարակութիւնը պիտի շարունակէ գտնուիլ պառակտման վիճակի մէջ»: Ան նշեց, որ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրական Դատարան Դիմելու Մասին

Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ 20 յունիս 2021-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, անոր վիճայարոյց արդիւնքներուն եւ այս առնչութեամբ դաշինքի ապագայի քայլերուն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստան» դաշինքն իր երախտագիտութիւնն է յայտնում 2021 թուականի յունիսի 20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի ընտրութիւններում դաշինքին աջակցած եւ իր օգտին քուէարկած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին: Այն վստահութիւն է...

Լարուած Իրավիճակ Ստեփանակերտի Մէջ.  Քաղաքացիները Կը Պահանջեն Արայիկ  Յարութիւնեանի Հրաժարականը

Լարուած Իրավիճակ Ստեփանակերտի Մէջ. Քաղաքացիները Կը Պահանջեն Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականը

Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ քաղաքացիներու ինքնաբուխ հաւաք, որ վայրկեաններու ընթացքին վերածուեցաւ բազմահազարանոց ցոյցի: Արցախի քաղաքացիները պահանջեցին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Հաւաքը, որուն մասին յայտարարուեցաւ Դիմատետրի վրայ, նախաձեռնուեցաւ, երբ Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով: Հաւաքի մասնակիցները պահանջեցին, որ Արայիկ Յարութիւնեանը դուրս գայ եւ...

Միջազգային Հսկիչներու Եզրակացութիւնները`  Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Մասին

Միջազգային Հսկիչներու Եզրակացութիւնները` Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասին

- ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու հսկողութեան խումբի ամփոփիչ եզրակացութեան մէջ կը նշուի. «Առանձնացնելով ընտրութիւններու մասնագիտական բարձր մակարդակը` միջազգային հսկիչները չեն յայտնաբերած թերութիւններ, որոնք կրնային ազդել քուէարկութեան ընթացքին եւ ընտրողներու կամքի արտայայտման վրայ»: Բացի ատկէ, հսկիչներուն տուեալներով` «ընտրողները իրենց վերաբերմունքը յայտնած են կուսակցական ցուցակներով ընտրուած պատգամաւորներուն նկատմամբ»: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշած են ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ, «բոլոր...

Նախագահ Աուն Շնորհակալութիւն  Յայտնեց Քուէյթին

Նախագահ Աուն Շնորհակալութիւն Յայտնեց Քուէյթին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Քուէյթի Կարմիր մահիկ միութեան տնօրէն Հիլալ Սայէրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթին, որ Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրեց Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան...

Պետական Հաստատութիւններու Պաշտօնէութեան  Լիկան Եռօրեայ Գործադուլ Կը Յայտարարէ

Պետական Հաստատութիւններու Պաշտօնէութեան Լիկան Եռօրեայ Գործադուլ Կը Յայտարարէ

Մինչ պետութեան կողմէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի տրամադրուած նիւթական նպաստը կասեցնելու վտանգը կ՛ուրուագծուի Լիբանանի վրայ, ներկայ իշխանութիւնները, յատկապէս խորհրդարանն ու հրաժարեալ կառավարութիւնը կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հատուցման քարտի դրութիւնը յաջողցնել եւ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն ապրուստի ձեւ մը տրամադրել: Միւս կողմէ, պետական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան լիկայի տնօրէն խորհուրդը պահանջեց երկրին իշխանութիւններէն, որ օրինական եւ սահմանադրական բոլոր ձեւերով պետական գանձարկղէն իւրացուած...

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը  Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլին կը հետեւի Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն առնչուած կացութեան եւ կը ցանկայ, որ ժողովուրդի որոշումը օգնէ երկրին դուրս գալու կայուն զարգացման ուղեգիծ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ան նաեւ նշած է, որ անոնք ընտրութիւններուն մէջ տեսած են Փաշինեանի կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակը, եւ ընտրութեան առիթով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք  Յարաբերութիւնները Կարգաւորել»  Կ՛ըսէ Պայրամով

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք Յարաբերութիւնները Կարգաւորել» Կ՛ըսէ Պայրամով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, յայտարարած է, որ Պաքուն Երեւանէն ճիշդ եզրակացութիւններ կ՛ակնկալէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն: «Երէկ, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կը սպասուի նոր կառավարութեան ձեւաւորում: Կը կարծենք, որ այս հոլովոյթներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը...

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է  13 Հայ Պատերազմական Գերիներու  Գործով Դատը

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է 13 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատը

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ վերսկսած է հայ պատերազմական գերիներու դէմ քրէական գործի նախապատրաստական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան համար»: Դատական հոլովոյթը սկսած է Եղիշ Յովհաննէսի Ասթանեանի, Կարէն Արմէնի Արամեանի, Տիգրան Մանիկի Աւագեանի, Գրիգոր Գէորգի Գէորգեանի, Յովսէփ Ռոպերթի Մանուկեանի, Գէորգ Սամուէլի Մարտիրոսեանի, Ռոպերթ Յովիկի Գէորգեանի, Վաղարշակ Աշոտի Աւետիսեանի, Վոլոտիա Գագիկի...

Page 11 of 256 1 … 10 11 12 … 256