Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռուս Պատասխանատուներու Հետ

June 18, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռուսիա, հանդիպումներ ունեցաւ ռուս պատասխանատուներու հետ:

Իպրահիմ այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Խորհրդակցութիւնները անդրադարձան նաեւ ահաբեկչութեան եւ անոր դրդապատճառներուն դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կատարուած Մոսկուայի օժանդակութիւնն ու լիբանանցիներուն առանց վիզայի Ռուսիա մուտքի կարելիութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ միշտ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ այս իմաստով Մոսկուայի ունենալիք դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Լիոնիտ Սլոցքիի հետ:

Սլոցքի հաստատեց Ռուսիոյ համար Լիբանանի կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը կը ծրագրէ խումբ մը ռուս երեսփոխաններու Լիբանան այցելութիւնը:

Ան նշեց, որ ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութեան Մոսկուա այցելութիւնը կը միտի օժանդակել լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծման, ինչպէս նաեւ ռուս-լիբանանեան յարաբերութիւններու ամրապնդումին:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Առաջնահերթութիւն Է, Եւ Բոլորին Կողմէ Փոխադարձ Զիջումները Կարեւոր Են»

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.