Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բոլոր Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Հայրենիք Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

June 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 16 յունիսի նիստի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանականներուն եւ արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Քաախի միջեւ մանրամասն քննարկում տեղի ունեցած է Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ հետագայ զարգացումներուն շուրջ:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշեալ քննարկման ընթացքին Նետերլանտներու տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող երեսփոխանները նախարարին ուղղած են տասնեակ մը հարցումներ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքներուն, Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութիւնը դադրեցնելու, Ազրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու, յարձակումի հետեւանքները վերացնելու, Թուրքիոյ սադրիչ դերակատարութեան եւ նոյնպիսի այլ նիւթերու վերաբերեալ:

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Քաախ նիստէն առաջ չորս էջնոց նամակ ուղղած էր խորհրդարանին (ի կատարումն նախորդ քննարկման ընթացքին ստանձնած պարտաւորութեան), որուն մէջ անդրադարձ կատարած է արցախեան հիմնախնդիրի պատմութեան, լուծման հոլովոյթին, Արցախի դէմ շղթայազերծուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան զարգացումներուն եւ հայ պատերազմական գերիներու անյապաղ հայրենիք վերադարձի անհրաժեշտութեան:

Ան իր նամակին մէջ վերահաստատած է Նետերլանտներու դիրքորոշումը միջազգային միասնական գործողութեամբ նպաստելու տագնապի վերջնական լուծման` աւելցնելով, որ Նետերլանտները մտադիր են այսուհետեւ եւս շարունակելու Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ տարուող աշխատանքները: Բացի ատկէ, Քաախ վերահաստատած է նետերլանտական կողմի դիրքորոշումը, որուն համաձայն «պատերազմական բոլոր գերիները անյապաղ պէտք է հայրենադարձուին»` նշելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ սոյն հարցի բարձրաձայնումը:

Քաախ նամակին մէջ նաեւ անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Ռազմական աւարի պուրակ»-ի բացման` նշելով, որ նման քայլերը «թշնամանք կը հրահրեն»: Սիկրիտ Քաախ վերահաստատած է մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ շեշտած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան գործուղումը շրջան, պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, անդրադարձ կատարած է տագնապին պատճառով վնասուածներուն մարդասիրական օգնութեան յատկացման հարցին եւ սահմանազատման ու վստահութեան վերականգնման հարցերուն մէջ Եւրոպական Միութեան հաւանական աջակցութեան:

 

Նախորդը

Խօսելով Շուշիի Հռչակագիրին Մասին` «Մենք Ճիշդ Չենք Նկատեր Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Հայաստանի Կամ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Խառնումը Երրորդ Կողմերու Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.