Զուիցերիական «Ֆէյ նիուզ» կայքին համաձայն, Զուիցերիոյ մէջ լիբանանցիներուն պահ դրուած գումարները 2,7 միլիառ տոլարի յաւելում մը արձանագրած են 2020-ին:
Այս տեղեկութիւնները հրապարակուած են Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կատարած հաւանական խախտումներուն մասին ֆրանսական-զուիցերիական հետաքննութիւններուն լոյսին տակ:
Զուիցերիոյ ազգային դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Լիբանանի տնտեսական-ելեւմտական տագնապը պատճառ դարձած է, որ լիբանանցիները իրենց գումարները Զուիցերիա փոխանցեն: