Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ» Կ՛ըսէ Փեսքով

June 22, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին կը հետեւի Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն առնչուած կացութեան եւ կը ցանկայ, որ ժողովուրդի որոշումը օգնէ երկրին դուրս գալու կայուն զարգացման ուղեգիծ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Ան նաեւ նշած է, որ անոնք ընտրութիւններուն մէջ տեսած են Փաշինեանի կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակը, եւ ընտրութեան առիթով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին վաղաժամ նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան վրայ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ազդեցութեան մասին խօսիլը:

«Ընտրութիւնները նոր տեղի ունեցած են: Տակաւին յստակ չէ, թէ այդ արդիւնքները ինչպէ՛ս պիտի անդրադառնան նոր պայմաններու մէջ քաղաքական կեանքի ձեւաւորման վրայ: Եկէք սպասենք, մինչեւ որ ձեւաւորուի կառավարութիւնը», Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, ռուսական կողմը կը մեկնի անկէ, որ երկու եռակողմ համաձայնագիրները, որոնք ստորագրած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները, կը գործեն ու կը համապատասխանեն բոլոր կողմերու շահերուն:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով յայտնած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները պիտի պահպանէ:

«Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է: Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ անիկա վստահելի ու հաւատարիմ ընկեր է, ամէնէն մօտը Հայաստանին», ըսած է ան:

Վլատիմիր Ճապարով գլխաւորը կը նկատէ Հայաստանի մէջ իրավիճակի կայունացումը, եւ որ  քաղաքական հակազդեցութիւնները չտեղափոխուին փողոց: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կ՛անցնի ժողովրդավարական սկզբունքներու պայմաններուն մէջ:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Հայաստանը մնայ ՀԱՊԿ¬ի հաւատարիմ գործընկերը, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիր: Վլատիմիր Ճապարով կարեւոր նկատած է նախորդ տարուան նոյեմբերէն ետք երկրի տնտեսութեան վերականգնումը: «Կը կարծեմ, որ այս ծիրին մէջ մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ խաղաղ նախաձեռնութիւն», նշած է ան:

Նախորդը

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք Յարաբերութիւնները Կարգաւորել» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.