Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան-զիմպապուէյական բարեկամութեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան փոխնախագահ Մեհտի Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ միութեան ունեցած դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ Զիմպապուէյի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ամրապնդումին մէջ:
Նախագահ Աուն շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն ունենալիք կարեւոր դերակատարութիւնը Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին համար` աւելցնելով, որ այդպիսով անոնք կրնան օժանդակել, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նուազին:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Լիբանանի տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերահաստատելու առումով:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին, յատկապէս արտերկրի լիբանանցիներուն, իրականացնելու այս նպատակը: