Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Տարուան Մէջ Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Կրկնապատկուեցաւ, Իսկ Վերամուտը Բացառուած Կը Նկատուի

June 23, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ցուցարարներ երկրին տնտեսական տագնապալի պայմաններուն եւ կենցաղային առումով տիրող ահռելի իրավիճակին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն փակեցին Թրիփոլիի Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլի-Պըտտաուի մայրուղին, Մանքուպինը, Սայտայի Էլիա հրապարակն ու Սուր-Սայտա մայրուղին, տնտեսութեան նախարարութեան որոշումով լիբանանեան հացի կապին արժէքը, որ մէկ տարիէ ի վեր աստիճանաբար աճի մէջ կը գտնուէր, երէկ կրկնապատկուեցաւ եւ հասաւ 3000 լ. ոսկիի:

Նախարարութեան բացատրութեան համաձայն, այդ որոշումը տրուած է, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատունը շաքարի նպաստը կասեցուցած է:

Նշենք, որ նախարարութեան որոշումով 910 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 3000 լ. ոսկի, իսկ 395 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 2000 լ. ոսկի` փուռէն գնուելու պարագային:

Իսկ եթէ հացը խանութներէն պիտի գնուի, ապա 910 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 3250 լ. ոսկի, իսկ 395 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 2250 լ. ոսկի:

Նշենք, որ փուռերու սենտիքայի նախագահը յայտնեց, որ եթէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պետութեան կողմէ թթխմորին եւ վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը եւս կասեցուի, մէկ կապ լիբանանեան հացին սակը պիտի տարուբերի 7000-8000-ի միջեւ:

Միւս կողմէ, սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող ապրուստի պայմանները, պենզինի տագնապն ու հետզհետէ վատթարացող ելեւմտական իրավիճակը կը բացառեն վերամուտը:

Ապպուտ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կան 1600 սեփական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ կայ կրթական հաստատութիւններու համադաշնակցութիւն մը, որ բոլոր դպրոցները չի ներգրաւեր:

«Նախորդ տարիներուն ընթացքին կարգ մը դպրոցներ իրենց ուսուցիչներուն իրաւունքները հատուցեցին, սակայն կարգ մը այլ դպրոցներ անընդունելի կերպով վարուեցան, հետեւաբար կրթութեան նախարարութիւնը իր դերակատարութիւնը պէտք է ունենայ: Մեր դերակատարութիւնն է իբրեւ սենտիքայ լուսարձակի տակ առնել տիրող իրավիճակը եւ լուծումներ գտնել, նոյնիսկ եթէ պէտք է ճնշում բանեցնել այդ իմաստով», յայտնեց Ապպուտ:

Ապու Շաքրա. «140 Պենզինի Կայարան
Մերժած Են Պենզին Ստանձնել»  

Լիբանանի մէջ վառելանիւթ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 140 պենզինի կայարաններ մերժած են պենզին ստանձնել` հարցերու, շանթաժի եւ ծեծի ենթարկուելու պատճառով:

Ապու Շաքրա շեշտեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ եւ անկէ պահանջած երաշխաւորել պենզինի կայարաններուն ապահովութիւնը:

Ապու Շաքրա հաստատեց, որ անցեալ շաբաթ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար անդրադարձած է այն իրականութեան, որ վառելանիւթի նաւերը ներածելու համար Կեդրոնական դրամատունը առաջարկած է ամերիկեան տոլարը 3900 լ. ոսկիի սակով հաշուել` իր վրայ զետեղուած ճնշումը նուազեցնելու համար, «եւ ոչ թէ Կեդրոնական դրամատան կողմէ վառելանիւթի գնման տրամադրուած նպաստին ամբողջութեամբ վերջ տալ», աւելցուց Ապու Շաքրա:

Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն լուծելու այս հարցը:

Նախորդը

«Արտերկրի Լիբանանցիներ Կարեւոր Դերակատարութիւն Ունին Կատարելիք Լիբանանի Տնտեսական Զարթօնքին Համար» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Բանբերին Կոչը` Քաղաքական Ուժերուն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.