Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերադառնալով Երեւանէն, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ խօսեցաւ իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն հետ: Ան արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցարարներուն հիմնական հարցերուն:
«Յիմարութիւն պիտի ըլլայ կարծել, թէ հաճոյք կը ստանամ ներկայ իրավիճակէն: Կամ թէ ես որեւէ անձնական շահագրգռուածութիւն ունիմ շարունակելու պաշտօնավարումս, կամ կառչած եմ աթոռին: Ամենեւին ոչ: Ես պարզապէս ինքիզինքս պատասխանատու կը զգամ մեր ժողովուրդին եւ յաջորդ սերունդներուն առջեւ: Այնքան պատասխանատու, որ յանկարծ իմ յուզական ու անհեռատես փախուստովս չկործանեմ մեր պետականութիւնը», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան:
Ան հաստատեց, որ պատրաստ է բոլորին հետ երկխօսութեան: «Թող արտայայտեն իրենց կարծիքը, պատրաստ եմ լսելու ե՛ւ հրապարակայնօրէն, ե՛ւ առանձին, պատրաստ եմ լսելու անոնց, որոնք այստեղ տարբեր վանկարկումներ կը կատարեն, պատրաստ եմ պատասխանելու բոլոր հարցումներուն», շեշտեց Յարութիւնեան:
Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն մասին: «Ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ եղած եմ ո՛չ միայն Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան գրասենեակին մէջ, այլեւ հանդիպումներ ունեցած եմ այլ քաղաքական ուժերու ղեկավարներ Գագիկ Ծառուկեանի, Հրանդ Բագրատեանի, Արամ Սարգսեանի, Էտմոն Մարուքեանի, Սամուէլ Բաբայեանի եւ այլոց հետ», նշեց ան:
Նախագահը ներում հայցեց Արցախի ժողովուրդէն` իր կողմէ թոյլ տրուած սխալներուն ու բացթողումներուն համար:
Ելոյթի աւարտէն ետք, նախագահ Ա. Յարութիւնեանի առաջարկով, հանրահաւաքի մասնակիցները քայլերթով ուղղուեցան դէպի եղբայրական գերեզմանոց` յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուածներու յիշատակին: