Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, յայտարարած է, որ Պաքուն Երեւանէն ճիշդ եզրակացութիւններ կ՛ակնկալէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն:
«Երէկ, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կը սպասուի նոր կառավարութեան ձեւաւորում: Կը կարծենք, որ այս հոլովոյթներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ճիշդ, իրական հետեւութիւններ պիտի ընէ քաղաքական ճգնաժամին վերաբերեալ: Այդ ճգնաժամի արմատները կը խորանան, իսկ պատճառը Հայաստանի կողմէ միջազգային իրաւունքի եւ ուժային ճամբով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու խախտումն է», ըսած է Պայրամով:
Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորել:
«Պաքուի դիրքորոշումը յայտնի է եւ կը մնայ անփոփոխ, ատիկա մէկ անգամ չէ, որ արտայայտած է հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ազրպէյճանը, հիմնուելով միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը յարգելու վրայ, յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմնակից է, եւ այդ ուղղութեամբ առաջարկ կատարուած է», ըսած է ան:
Անոր համաձայն, շրջանի երկիրներու փոխադարձ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունի: