Newsletter

Աւստրիա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Լիբանանին Եւ Անոր Բանակին

Աւստրիա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Անոր Բանակին

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Քլաուտիա Թաները, որուն ընկերակցեցաւ աւստրիական զինուորական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամրի: Աքըր պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Թաները, որուն հետ ծաղկեպսակ մը զետեղեց լիբանանեան բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին: Աքըրի եւ Թաների միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Բողոքի Ցոյց Դատախազութեան Դիմաց`  Ի Զօրակցութիւն Փրոֆ. Արմէն Չարչեանի

Բողոքի Ցոյց Դատախազութեան Դիմաց` Ի Զօրակցութիւն Փրոֆ. Արմէն Չարչեանի

Երէկ` հինգշաբթի, 24 յունիսին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Քաղաքացիները կը պահանջէին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանէն` գործադրել իր հայեցողական լիազօրութիւնը եւ վերացնել «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեանի խափանման միջոց կալանաւորումը: «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներէն Վահէ Յակոբեան ըսաւ. «Չեմ հասկնար` ինչո՞ւ Չարչեանը: Չարչեանը մտաւորական է, վաստակաշատ բժիշկ, այսօր իրմէ շատ կեանքեր կախեալ են,...

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին  Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

Երէկ Արցախի` Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող եւ 44-օրուայ պատերազմէն ետք Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Որոտանի (Կուբաթլու) շրջանի տարածքին մէջ Ազրպէյճանը նոր զօրամաս բացած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, գնդապետ¬զօրավար Էլչին Կուլիեւ շնորհաւորած է անձնակազմը: Արարողութենէն ետք ստուգուած են զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան հետագայ բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները:

Փութին Շնորհաւորեց Փաշինեանը

Փութին Շնորհաւորեց Փաշինեանը

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 24 յունիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ շնորհաւորեց Փաշինեանը` Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու կայացման եւ անոր արձանագրած յաղթանակին համար: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին: Այս պարունակին մէջ Հայաստանի...

Նախագահական Պալատին Մէջ Վառելանիւթի  Սակին Նպաստ Տրամադրելու Յատուկ Նիստ

Նախագահական Պալատին Մէջ Վառելանիւթի Սակին Նպաստ Տրամադրելու Յատուկ Նիստ

Մինչ լիբանանեան ջուրեր հասած վառելանիւթ փոխադրող նաւերը կը սպասէին Կեդրոնական դրամատան կողմէ վճարուելիք գումարներուն, որպէսզի վառելանիւթը յանձնեն ներածող ընկերութիւններուն, երէկ յետմիջօրէին ամերիկեան տոլարին սակը հասաւ 16.000 լ. ոսկիի: Ապրուստի ներկայ ահռելի պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ կոչեր ուղղելով փակելու նաեւ Կեդրոնական Պէյրութը, Զուքն ու Ժալ Էլ Տիպը, ուր նման արարքներ կատարուած էին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի, երեսփոխան Ամին Շըրրի, Մոհամետ Խանսա եւ Ալի Տահեր: Հանդիպումին ընթացքին Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական...

Քոխավի. «Ապահովական Քաղաքականութեան  Առումով Լիբանան Իր Հակակշիռը Կորսնցուցած Է»

Քոխավի. «Ապահովական Քաղաքականութեան Առումով Լիբանան Իր Հակակշիռը Կորսնցուցած Է»

Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Աւիվ Քոխավի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սոլիվընի հետ: Քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Իսրայէլի անվտանգութեան հարցն ու Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութիւնն ու Լիբանանի մէջ գտնուող թիրախահար հրթիռները: Հանդիպումին ներկաները ընդգծեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` այս տարուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երկուշաբթի  Օր Պիտի Այցելէ Մարզական Աւան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երկուշաբթի Օր Պիտի Այցելէ Մարզական Աւան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երկուշաբթի, 28 յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, պիտի այցելէ Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» Մարզական աւան` ստուգելու համար անոր վերանորոգման կարելիութիւնները: Վ. Օհանեան-Գէորգեանի պիտի ընկերակցին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ Լիբանանի տարածքին գործող մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ռիատ Շէյխա: Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան եւ...

Խմբագրական.  Վերասրել Հաւաքական Զգայնութիւնը

Խմբագրական. Վերասրել Հաւաքական Զգայնութիւնը

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները նոր մեկնարկ չապահովեցին երկրի արտաքին եւ ներքին ճգնաժամերու հանգուցալուծման: Հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութեամբ հիմնական առաջադրանքներ ձեւակերպած էր  ներքին համերաշխութեան  եւ արտաքին առումով` արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման: Բաժանարար եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ քայլերով յատկանշուած ներհասարակական դաշտը յառաջացուցած եւ պատերազմ պարտուած, տարածքներ զիջած  եւ պարտուողական յայտարարութիւն ստորագրած պատասխանատու ուժը վերարտադրուած է: Եղելոյթը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր քննարկումի...

«Հայաստան» Դաշինքի Անդամ Փրոֆ. Արմէն  Չարչեան Մէկ Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

«Հայաստան» Դաշինքի Անդամ Փրոֆ. Արմէն Չարչեան Մէկ Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունիսին «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, փրոֆեսէօր Արմէն Չարչեան մէկ ամիսով կալանաւորման դատապարտուեցաւ: Նոյն օրը երեկոյեան սրտի կաթուածի պատճառով ան տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Այս տեղեկութիւնը հաստատեց անոր փաստաբանը` Էրիկ Ալեքսանեան: Չարչեանը, որ «Հայաստան» դաշինքի անդամ է, կը մեղադրուի Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի յատկանիշներով` ընտրողներուն կաշառք տալ-ստանալ, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտում կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտում: Արմէն...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը  Հրապարակեց Վերահաշուարկի Արդիւնքները

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Վերահաշուարկի Արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր եւ երէկ (22 եւ 23 յունիս) թիւ 2, 3, 4, 5, 6, 7, 9, 10, 11, 13, 14, 17, 23, 24, 25, 33, 34 եւ 35  տարածքային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ կատարուեցան առանձին տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի աշխատանքներ: Վերահաշուարկի աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցան համապատասխան տեղամասային ընտրական յանձնախումբներու անդամները, ընտրութիւններուն մասնակցած կուսակցութիւններու վստահուած անձեր, լրատուամիջոցներու...

Սննդեղէն Ներածողներու Սենտիքան  Կեդրոնական Դրամատունէն Կը Պահանջէ  Տրամադրել Խոստացուած Նպաստը

Սննդեղէն Ներածողներու Սենտիքան Կեդրոնական Դրամատունէն Կը Պահանջէ Տրամադրել Խոստացուած Նպաստը

Պետական Հաստատութիւններու Պաշտօնէութեան Լիկայի Եռօրեայ Գործադուլը Կը Շարունակուի Սննդեղէն ներածողներու սենտիքան երէկ Կեդրոնական դրամատունէն պահանջեց տրամադրել խոստացուած նպաստը, որ կարգ մը ամիսներէ ի վեր չէ տրամադրուած եւ հասած է շուրջ 75 միլիոն տոլարի: Սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ ժողովուրդին տրամադրուած տարրական սննդեղէնի նպաստը «մահաքուն»-ի մէջ է, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատունը իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր: Պոհսալի զգուշացուց, որ այս գումարի չվճարուելուն...

Նախագահական Պալատը Հերքեց  Այն Տեղեկութիւնները,  Թէ Հարիրին Պաշտօնանկ  Ընելու Փորձեր Կը Կատարէ

Նախագահական Պալատը Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները, Թէ Հարիրին Պաշտօնանկ Ընելու Փորձեր Կը Կատարէ

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ջանքերուն արձանագրած տեղքայլին լոյսին տակ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ: Այս շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փորձէ առաջադրել նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պաշտօնը յետս կոչել: Նախագահական պալատը...

Նախագահ Աուն Բոլորին Մտահոգութիւնները  Փարատելու Յանձնառութիւն Կը Ցուցաբերէ

Վարչապետարանի Մամլոյ Գրասենեակ. «Կառավարութիւնը Իր Պարտականութիւնները Լիովին Կատարած Է` Նախքան Հրաժարիլը»

Վարչապետարանի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Ամօթալի է, որ չափանիշներն ու յղացքները փոփոխութեան ենթարկուին, իսկ իրականութիւնները` թաքցուին: Եթէ մենք առանց ձայնի կ՛աշխատինք եւ ոչ ոքի հետ բանավէճ կ՛ունենանք` երկրին դիմագրաւած ահռելի տագնապին լոյսին տակ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ լուռ պիտի մնանք այն ամբաստանութիւններուն դիմաց, որոնք կը կատարուին մեր հասցէին եւ մեզի պատասխանատու կը նկատեն նախորդ կառավարութիւններուն քաղաքական, քինախնդրական,...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց  Դահուկարշաւի  Մրցանակաբաշխութեան Ձեռնարկին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց Դահուկարշաւի Մրցանակաբաշխութեան Ձեռնարկին

Հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, դահուկարշաւի ֆետերասիոնը «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ կազմակերպեց 2020-2021 տարուան ախոյեանութիւններու մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, որուն ընթացքին որդեգրուեցան «Քորոնա» ժահրի բոլոր նախազգուշութիւնները: Այս առիթով դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին եւ նախարարութեան անձնակազմին, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ լիբանանեան ֆետերասիոնին դիրքը միջազգային մակարդակի վրայ պահել, ինչպէս նաեւ քուէարկելու իրաւունքը չկորսնցնել` նկատի ունենալով մեր...

Ֆիրաս Ապիատի Համաձայն.   «Քորոնա» Ժահրի Հնդկական Տարբերակը`  «Տելթա»-ն Կրնայ Որեւէ Ատեն Հասնիլ Լիբանան

Ֆիրաս Ապիատի Համաձայն. «Քորոնա» Ժահրի Հնդկական Տարբերակը` «Տելթա»-ն Կրնայ Որեւէ Ատեն Հասնիլ Լիբանան

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրի հնդկական տարբերակը, որ ծանօթ է «Տելթա» անունով, աշխարհով մէկ տարածուելու ընթացքին մէջ է: «Նկատի ունենալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքային աշխուժ ընթացքը, ապա կարելի է ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակը կրնայ որեւէ ատեն հասնիլ Լիբանան: Ասիկա անխուսափելի է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի չէ իմանալ «Տելթա» տարբերակին Լիբանան հասնիլը,...

ԸԵՄՄ-ն (IUSY) Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. ՀՅԴ Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ Կազմակերպութեան Փոխանախագահ

ԸԵՄՄ-ն (IUSY) Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. ՀՅԴ Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ Կազմակերպութեան Փոխանախագահ

Սոյն թուականի 18-ին եւ 19-ին տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան առցանց ձեւաչափով բարձրագոյն ժողովը (IUSY World Congress), որ կը գումարուի 2 տարին մէկ անգամ: Ժողովին մասնակցած էին շուրջ 60 երկիրներու կազմակերպութիւններու պատուիրարկութիւններ: Բարձրագոյն ժողովի ընթացքին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ իր աշխատանքային զեկոյցը,կը ճշտուի կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ'ընտրուի նաեւ նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականի կողմէն մասնակցած էին` Արշակ Մեսրոպեան, Մելինէ...

«Հայաստան» Դաշինքի  Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

Երէկ` 22 յունիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներու մամլոյ ասուլիսը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ անոնք անդրադարձան ընտրութիւններու արդիւնքներուն, յետընտրական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն: Խօսելով ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Այն լիազօրութիւնը, որ ստացած է այս իշխանութիւնը, համոզուած եմ, որ վստահութեան լիազօրութիւն չէ, մեր բոլոր հանդիպումները եղած են աւելի մարդաշատ, քան իշխանութեան ներկայացուցիչներու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան  Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է  Մեր Պետականութեան Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է Մեր Պետականութեան Համար»

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութեան քննութեան, ըսաւ. «Այսպիսով կ՛ուզեն վախցնել»: «Նպատակը Նիկոլի բռնապետութիւն հաստատելն է երկրին մէջ, մէկ անձի բռնապետութիւն հաստատելն է, որ մենք պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան եւ  նշեց, որ բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարին: «Այս...

Page 10 of 256 1 … 9 10 11 … 256