Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Պիտի Առաջնորդէ Դէպի Ամբողջական Փլուզում»

June 23, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով իր ճիգերն ու ջանքերը տակաւին առկայ են` աւելցնելով, որ ինք այդ նախաձեռնութեան կառչած պիտի մնայ, մինչեւ որ աւելի ընդունելի նախաձեռնութիւն մը կարելի ըլլայ գտնել:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` նկատի ունենալով, որ ան կը վայելէ իր համայնքին, Տար Ֆաթուային, նախկին վարչապետներուն եւ երեսփոխաններուն զօրակցութիւնը:

«Ոմանք չեն փափաքիր Հարիրին վարչապետի պաշտօնին վրայ պահել, սակայն մենք վերոնշեալ բազմաթիւ պատճառներով կը փափաքինք կառչած մնալ Հարիրիին: Հետեւաբար, այնքան ատեն որ կառավարութիւն չէ կազմուած, Հարիրին չի հրաժարիր», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի չէ ուշացնել` աւելցնելով, որ երկիրը նոյնիսկ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ չի կրնար սպասել, որովհետեւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնելու համար նուազագոյնը երեքէն չորս ամսուան նախապատրաստական աշխատանք կ՛ենթադրէ, մինչդեռ այդ ժամանակաշրջանին Լիբանանը կրնայ ամբողջական փլուզումի ենթարկուիլ: «Հարիրիի հրաժարականը պիտի առաջնորդէ դէպի ամբողջական փլուզումի, իսկ իմ մտավախութիւնս ապահովական կայունութեան խախտումին կը վերաբերի: Անցեալին Հարիրիի կառավարութիւնը ձախողութեան ենթարկելը, երբ ան Սպիտակ տուն մուտք կը գործէր, մեծ սխալ մըն էր, եւ բոլորս սխալական ենք», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրի հաստատեց, որ Հարիրի ընդառաջած է իր նախաձեռնութեան եւ նախարարներուն թիւը բարձրացուցած 24-ի, ինչպէս նաեւ ընդունած նախարարներու նշանակումը կատարելու առումով իր առաջարկած գործիքակազմը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ նախագահական պալատին եւ Պայատայի միջեւ երկու կամ աւելի հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները մղեցին, որ այդ նախաձեռնութեան համաձայն գտնուի նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, որ աւելի ուշ յայտնեց, թէ ծանօթ չէ նախաձեռնութեան:

Պըրրի մերժեց իշխանութեան մէջ «երրորդութեան» մասին հնչած յայտարարութիւնները` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն միակն է, որ պիտի ստանայ ութ կամ աւելի նախարարներ, մինչ շիի համայնքը պիտի ստանայ հինգ նախարար: Ան հաստատեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ պէտք է ստանայ կառավարութեան որոշումները սառեցնող կամ արգելակող մէկ երրորդը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կարելի է բարեկարգումներ կատարել եւ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել, երբ Հըզպալլա եւ անոր շրջապատը կը մերժեն Միջազգային դրամական ֆոնտը, Պըրրի ըսաւ. «Կարեւորը այն է, որ անոնք համաձայն են եւ ընդառաջած ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ բարեկարգում կը պարփակէ, իսկ մէկէ աւելի միջազգային պատուիրակներ հաստատած են, որ վստահութեան շնորհիւ միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւն կարելի կ՛ըլլայ ապահովել Լիբանանին»:

Պասիլի կողմէ քրիստոնեաներուն իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային դիմելուն մասին հարցումի մը Պըրրի պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Հոյակապ է»:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Զուիցերիոյ Մէջ Լիբանանցիներուն Պահ Դրուած Գումարները 2,7 Միլիառ Տոլարի Յաւելում Արձանագրած Են 2020-ին

Յաջորդը

«Արտերկրի Լիբանանցիներ Կարեւոր Դերակատարութիւն Ունին Կատարելիք Լիբանանի Տնտեսական Զարթօնքին Համար» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.