Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Բանբերին Կոչը` Քաղաքական Ուժերուն

June 23, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ միաւորելու ջանքերը եւ միասնաբար աշխատելու` արդիւնաւէտ կերպով յաղթահարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտահերթ ընտրութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան բանբերին անունով տարածուած յայտարարութեան մէջ:

«20 յունիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻ) ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատումով` ընտրութիւնները եղած են մրցունակ եւ, ընդհանուր առմամբ, կառավարուած են պատշաճ կերպով կարճ ժամանակահատուածի մէջ: Ընտրողները ունեցած են ընտրութեան լայն կարելիութիւն, եւ հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ընդհանուր առմամբ, յարգուած են: Մասնակիցները կրցած են ազատ քարոզչութիւն կատարել: Քուէարկութեան օրը` ներառեալ քուէներու հաշուարկը, ընդհանուր առմամբ գնահատուած է դրական:

«ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութիւնը, այսուհանդերձ, ընդգծած է քարոզչութեան բացասական ոճը, եւ հիմնական մրցակիցներու շրջանակին մէջ անձնաւորուածութիւնը խոչընդոտած են քաղաքականութեան շուրջ կեդրոնացուած քննարկումներու կատարման: Առաքելութեան ընդգծումով` ընդհանուր առմամբ, քարոզարշաւի ամբողջ ընթացքին կիները եղած են ետեւի գիծի վրայ:

«Դիմում-բողոքները կամ հայցադիմումները պէտք է մանրակրկիտ եւ արդիւնաւէտ եղանակով քննութեան ենթարկուին` կիրարկելով Հայաստանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած համապատասխան ընթացակարգերը:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի կայուն, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման գաղափարին:

«Մենք սերտ համագործակցութիւն կ՛ակնկալենք Հայաստանի բոլոր հաստատութիւններուն, ներառեալ նորընտիր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ: Մենք բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք միաւորելու ջանքերը եւ միասնաբար աշխատելու` արդիւնաւէտ կերպով յաղթահարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները` ի նպաստ Հայաստանի: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ աջակցութիւնը Հայաստանին` կեանքի կոչելու երկրին մէջ կարեւոր բարեփոխումներու իրականացման օրակարգը` հիմք ընդունելով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին միջոցով սահմանուած միացեալ պարտաւորութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Մէկ Տարուան Մէջ Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Կրկնապատկուեցաւ, Իսկ Վերամուտը Բացառուած Կը Նկատուի

Յաջորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Շնորհաւորած Է Հայաստանը` «Յաջող Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Աւարտելու» Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.