Գլխաւոր լուրեր

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին  «Ազդակ»

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի տնօրէնութւնը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Պերճ Աբգարեանին եւ տոքթ․ Վաչէ Վասիլեանին։ Հիւրերուն կ՛ընկերանար Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան։ Պերճ Աբգարեան նախ հաստատեց, որ իրենց առաքելութիւնը 4-րդ անգամ ըլլալով աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Լիբանանի մէջ, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս ծրագիրը։ Այնուհետեւ...

Խմբագրական.   Մնալ Անկախ` Մուրճին Եւ Սալին Միջեւ  (Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Մնալ Անկախ` Մուրճին Եւ Սալին Միջեւ (Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին այսօր տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացուին: Գաղափարական դաշտէն  քաղաքական հարթակ իջեցուած է անկախութեան գաղափարը, եւ ազգային ուժեր դասակարգումներու կ՛ենթարկուին պետական գործիչներու կողմէ` անկախականներ, հակաանկախականներ, գերիշխանութեան հաւատացողներ եւ այլ պետութեան հովանիի տակ երկիրը պատկերացնողներ: Բոլորը նպատակ ունին վարկաւորումը կամ վարկաւորման այս կեղծ ճիգերուն ընթացքին այլ ուժերու վարկաբեկումը: Այս թիրախներուն առաջնայինը Դաշնակցութիւնն է. աւելի յստակ, այս պարագային, անկախ հանրապետութիւն...

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Մը Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Աուն. «Յունիսի Կիսուն Պէյրութի Պաղեստինեան 3 Գաղթակայաններու Մէջ Պիտի Սկսի Զէնքի Գոյութեան Հարցը Լուծելու Աշխատանքը»

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Մը Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Աուն. «Յունիսի Կիսուն Պէյրութի Պաղեստինեան 3 Գաղթակայաններու Մէջ Պիտի Սկսի Զէնքի Գոյութեան Հարցը Լուծելու Աշխատանքը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ծերակուտական Էնկըս Կինկի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ վրայ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները վերցնել սկսիլը լաւ ընտրանք է, որովհետեւ սուրիական տնտեսութեան բարելաւումը պիտի նպաստէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու հարցի լուծման»: Ան նաեւ շեշտեց. «Իրենց երկիր անոնց վերադարձը անհրաժեշտ է` նպաստելու համար անոր տնտեսութեան վերականգնման»: Ան ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց «գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու սուրիական հողերուն...

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան Տօները Նշուեցան Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան Տօները Նշուեցան Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 107-ամեակին առիթով, կաթողիկոսանիստ մայր տաճարին մէջ այս տարի եւս կատարուեցաւ Գոհաբանական աղօթք (Հանրապետական մաղթանք), Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ` անկախութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր ազգի քաջամարտիկ հերոսներու հոգիներուն համար: Առ այդ, կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ,...

9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան 7 եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան 2 անդամներու երդման արարողութիւնը եւ մուտքը ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք: Երդման արարողութեան կնքահայր Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց նորագիրներուն գիտակից որոշումը` միանալու ՀՅԴ-ի շարքերուն: Ճինպաշեան անդրադարձաւ երիտասարդութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմակայելու կարեւորութեան: Ան յայտնեց, որ դաշնակցական...

Բագրատունի. «Ազատագրութեան Տօնը Ամբողջ Լիբանանի Տօնն Է»

Բագրատունի. «Ազատագրութեան Տօնը Ամբողջ Լիբանանի Տօնն Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ազատագրութեան տօնին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ազատագրութեան տօնը ամբողջ Լիբանանի տօնն է: Ողջո՜յն իւրաքանչիւր քաղաքացիի, ինչ խրամատի մէջ ալ որ պայքարեցաւ, դիմադրեց ու զոհաբերում կատարեց` հայրենիքի փրկութեան համար: «Ազատագրումը շարունակուող երթ է, եւ աւելի կարեւորը հոգիներու ու մարդոց ազատագրումն է, ինչպէս նաեւ իսկական անկախութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատագրումը` Լիբանանի Համար Հարաւէն Ծագած Արշալոյս»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատագրումը` Լիբանանի Համար Հարաւէն Ծագած Արշալոյս»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուուական գրասենեակը Ազատագրութեան տօնին առիթով Դիմատետրի վրայ հրապարակեց «Ազատագրումը` Ամբողջ Լիբանանի Համար Հարաւէն Ծագած Արշալոյս» խորագիրով հետեւեալ գրառումը. «Ազատագրութեան տօնը կը վերահաստատէ լիբանանցիներուն կամքի ուժը եւ իրենց հողն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու անոնց վճռակամութիւնը, անիկա ազգային առիթ մըն է նահատակներու զոհաբերութիւններուն եւ դիմադրողներուն տոկունութեան մասին յիշեցնելու»:  

Խմբագրական.   Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Խմբագրական. Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Հարաւային Լիբանանով կ՛աւարտին երկրի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Յետաձգումի նախատեսութիւնները այսպիսով չեն իրականանար, եւ կառավարութեան հաստատակամութիւնը առարկայացած կ՛ըլլայ որոշուած ժամկէտները չխախտելու: Հարաւային Լիբանանի ընտրութիւններու կայացումը կը զուգադիպի հարաւի ազատագրութեան տօնին: Հարաւ, որ տակաւին ամբողջականօրէն չէ ազատագրուած, որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը ըստ էութեան կը շարունակեն խախտել հրադադարի համաձայնութիւնը` չյարգելով ուժերու հեռացման ժամկէտը եւ իրականացնելով ռազմական գործողութիւններ: Ընտրութիւններու նախօրէին, իսրայէլեան ուժերը կը սաստկացնէին...

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի  Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ողջունեց Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու կացութեան հետեւելու լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ յանձնախումբի առաջին ժողովը, որ վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի հրաւէրով` հիմնուելով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` գաղթակայաններուն մէջ պաղեստինեան զէնքի խնդիրը լուծելու որոշումին վրայ: Սալամ նշեց, որ Ապպասի որոշումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ պաղեստինցի գաղթականներու մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման...

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ` ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ին Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ հարուածեց Նըժմէի եւ Անսարի միջեւ ֆութպոլի մրցումի սկիզբի գնդակը` ազդարարելով մարզական կեանքին համար կենսական այս կառոյցի վերակենդանացումը: Այս շատ կարեւոր իրադարձութեան ընթացքին վարչապետ Սալամի կողքին կանգնած էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ Նըժմէ ու Անսար ֆութպոլի խումբերուն...

Լաւրով. «Ռուսիան Անկեղծօրէն Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Ստորագրման Հարցին Մէջ Յաջողութիւն  Կը Մաղթէ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին  Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու Հոլովոյթին»

Լաւրով. «Ռուսիան Անկեղծօրէն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Հարցին Մէջ Յաջողութիւն Կը Մաղթէ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու Հոլովոյթին»

Ռուսիան անկեղծօրէն խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հարցին մէջ յաջողութիւն կը մաղթէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, եւ պատրաստ է շարունակելու կողմերուն ամէն կարելի աջակցութիւն ցուցաբերելու փաստաթուղթի մշակման եւ ստորագրման գործին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին պատմական ռուսական հարաւային հողերուն նուիրուած բարձր մակարդակի խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք...

Անդրադառնալով Վատիկանի Մէջ Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններու Կարելիութեան.  Լաւրով. «Ուղղափառ Պետութիւններուն Համար  Անվայել Է Տագնապը Քննարկել Կաթողիկէ Հողերու Վրայ»

Անդրադառնալով Վատիկանի Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններու Կարելիութեան. Լաւրով. «Ուղղափառ Պետութիւններուն Համար Անվայել Է Տագնապը Քննարկել Կաթողիկէ Հողերու Վրայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կասկած յայտնեց, որ Վատիկանը Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար հաւանական վայր ըլլայ: Միացեալ Նահանգները, Իտալիան ու Վատիկանը նախապէս յոյս յայտնած էին, որ Վատիկանը հիւրընկալէ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւնները: «Ուղղափառ պետութիւններուն համար շատ անվայել պիտի ըլլայ տագնապի արմատական պատճառներու վերացման հարցերը կաթողիկէ հողերու վրայ քննարկել», յայտարարեց Լաւրով: Ան նաեւ Քիեւը ամբաստանեց ուքրանական ուղղափառ եկեղեցին «քանդելու» յանցանքով: «Ինքնին...

Ապպաս-Սալամ Հանդիպումին Համաձայնութիւն`  Շարք Մը Սկզբունքներու Շուրջ

Ապպաս-Սալամ Հանդիպումին Համաձայնութիւն` Շարք Մը Սկզբունքներու Շուրջ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Երկկողմանի հանդիպումին յաջորդեց ապահովական ընդլայնուած ժողով մը, որուն մասնակցեցան շարք մը լիբանանցի եւ պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Ժողովը կեդրոնացաւ Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն վրայ, պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ` պաղեստինեան կարգ մը գաղթակայաններու մէջ իրերայաջորդ ապահովական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Համաձայնութիւն գոյացաւ շարք մը սկզբունքներու շուրջ,...

Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին

Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ` նախարարութեան Եարզէի կեդրոնին մէջ: Բագրատունի նախարար Մնասսայի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, իսրայէլեան շարունակուող ոտնձգութիւնները եւ այդ գծով լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը: Ան բարձրօրէն գնահատեց բանակի վճռակամութիւնը` երկրին դէմ ցցուող հարցերուն զգօն միջամտութեան համար: Քննարկումի նիւթ դարձան Սուրիոյ իրավիճակը եւ անոր ազդեցութիւնը տեղական եւ շրջանային զարգացումներուն:  ...

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն  Կանխարգիլել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Հակամարտութեան Վտանգը»

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն Կանխարգիլել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հակամարտութեան Վտանգը»

«Մեր հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ է: Այնտեղ հակամարտութեան իսկական վտանգ մը կայ, որ կը փորձենք կանխարգիլել: Մեր խումբը մեծապէս ներքաշուած է` փորձելով արդիւնքի մը հասնիլ եւ զինեալ միջամտութիւն մը կանխարգիլել», Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է,...

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Թեհրան. «Իրանը Համաձայն Գտնուեցաւ 23 Մայիսին Հռոմի Մէջ Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններու 5-րդ Փուլ Մը Գումարելու Օմանի Առաջարկին»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Իրան համաձայն գտնուած է այսօր Հռոմի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու 5-րդ փուլ մը գումարելու օմանեան իշխանութիւններու առաջարկին: «Իրանի պատուիրակութիւնը վճռակամ է պաշտպանելու իրանցի ժողովուրդի հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման իրաւունքները, ներառեալ իւրանիոմի հարստացումն ու պատժամիջոցներու ջնջումը», նշեց Պաղայի: Նախքան այդ, Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսայիտի յայտարարեց, որ Իրանի եւ Միացեալ...

Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին.  Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Իրանի Հիւլէական  Կառոյցները Հարուածելու, Եթէ Ուաշինկթըն-Թեհրան  Բանակցութիւնները Տապալին

Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին. Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածելու, Եթէ Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւնները Տապալին

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններ, հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի Իրանի հիւլէական կառոյցները հարուածելու, եթէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները տապալին: Իսրայէլացի պաշտօնատարները նշած են, թէ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում մէկ հարուած պիտի չըլլայ, այլ զինուորական արշաւ մը, որ առնուազն մէկ շաբթուան վրայ պիտի երկարի: Ըստ պաշտօնատարներուն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախարարներու, ապահովական եւ հետախուզական պատասխանատուներու հետ հիւլէական...

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ազրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ: Նախ արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ  իրականութեան: Սակայն յենուիլ այս իրականութեան վրայ` արդարացնելու համար Փրակայի մէջ Երեւանի կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի տարածք նկատելու յայտարարութիւնը,...

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ապպաս Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանեան  Հողերը Իբրեւ Զինուորական Որեւէ Գործողութեան  Մեկնակէտ Չօգտագործելու Նկատմամբ

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապպաս Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանեան Հողերը Իբրեւ Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Մեկնակէտ Չօգտագործելու Նկատմամբ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, ընդառաջելով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին, երէկ ժամանեց Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահական պալատը հանդիպումէն ետք լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախագահները ընդգծած են անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ արդար եւ հաստատ խաղաղութեան մը, որ պաղեստինցի ժողովուրդին կ՛արտօնէ իր անկախ պետութիւնը ստեղծել: Անոնք դատապարտած են Կազայի վրայ իսրայէլեան...

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հայաստանի  Պաշտպանութեան, Գերիշխանութեան  Տարածքային Ամբողջականութեան Աջակցելու»

Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հայաստանի Պաշտպանութեան, Գերիշխանութեան Տարածքային Ամբողջականութեան Աջակցելու»

Ռուսիոյ համար թանկ են Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները, մեր ժողովուրդներուն միջեւ խոր կապերը, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է բոլոր ուղղութիւններով առաւելագոյնս զարգացնել: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Անոր համաձայն, Մոսկուան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած շքերթին մասնակցութիւնը` «ի...

Page 96 of 795 1 … 95 96 97 … 795

Արխիւներ