Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` երկու կողմերուն միջեւ պարբերական հանդիպումներու ծիրին մէջ: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատը:
Նախագահական պալատի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը քննարկած են երկրի ընդհանուր կացութեան տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ ներկայ շրջանային զարգացումները:
Պըրրի Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: