Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի:
Նախագահ Աուն Լիբանանի պետութեան անունով ամերիկացի պատուիրակին յանձնեց 27 նոյեմբերի զինադադարի յայտարարութենէն մինչեւ նախագահական երդման ճառ եւ կառավարութեան աշխատանքի ծրագիր Լիբանանի գործադրել խոստացածին ամբողջական նախագիծը:
Այնուհետեւ Պարրաք այցելեց վարչապետարան, ուր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հըզպալլան Ամերիկայի համար ահաբեկչական կազմակերպութիւն է»: Ան նաեւ նշեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը չյաջողեցաւ, եւ այդ հարցն է, որ կը փորձենք լուծել»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ շրջանային կայունութեան», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանը բանալին կը նկատուի այն փորձին, որ շատոնց սկսաւ եւ աշխարհի տարածքին շարք մը վայրերու մէջ յաջողեցաւ: Մենք աշխատանք կը տանինք այդ յաջողութիւնը այստեղ կրկնելու»:
«Լիբանան վերադարձս տեղի կ՛ունենայ, մինչ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ անկայուն կացութիւն գոյութիւն ունի, եւ այսօր կեդրոնացումը Լիբանանի վրայ է` կայունութեան վերականգնման համար», շեշտեց Պարրաք:
«Պիտի շարունակենք մեր ժողովները լիբանանցի ղեկավարներուն հետ, որոնք կ՛օժանդակեն լուծումներու հասնելուն: Մենք տնտեսական բարեկարգումին եւ բարգաւաճման կողքին անվտանգութիւն կը բերենք», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:
Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի թղթածրարին, Պարրաք ըսաւ. «Գոյութիւն ունի թշնամական գործողութիւնները դադրեցնելու համաձայնութիւն մը, որ ուժի մէջ մտաւ, սակայն չյաջողեցաւ: Գոյութիւն ունին անոր պատճառները, զորս բոլորս կը փորձենք լուծել: Իսկ Հըզպալլան զինաթափելու համաձայնութիւնը բացառապէս լիբանանեան ներքին հարց է: Հըզպալլան Միացեալ Նահանգներու համար ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, եւ մենք անոր հետ ուղղակի յարաբերութիւն չունինք, այլ այս թղթածրարը կը քննարկենք լիբանանեան կառավարութեան հետ»:
Պատասխանելով յառաջընթաց չարձանագրելու պարագային հետեւանքներու մասին հարցումի մը` ամերիկացի պատուիրակը նշեց. «Հետեւանքներ չկան, այլ` յուսախաբութիւն: Մենք կամաւորաբար կը փորձենք լուծումի հասնելու օգնել, եւ չենք գիտեր, թէ երաշխիքները ի՛նչ են: Այստեղ չենք եղած որեւէ բան ոեւէ մէկուն պարտադրելու, եւ չենք կրնար Իսրայէլին ստիպել որեւէ բան ընել: Մենք հոս օգնելու եկած ենք, ոչ թէ` լուծումներ պարտադրելու»:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանցի պաշտօնատարներու վրայ պատժամիջոցներու հարցին, Պարրաք զանոնք նկատեց «չափազանց բարդ հարց»` նշելով. «Այն, ինչ որ կը փորձենք ընել, կայունութիւն հաստատելն է: Ներկայիս Լիբանանի մէջ պաշտօնատարներու վրայ պատժամիջոցներու հաստատման մասին չենք մտածեր»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Պարրաք իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Այնտեղ տեղի ունեցածին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վարուած ձեւը ցաւի, մտահոգութեան եւ տխրութեան արտայայտութիւնն է, օգնելու փորձ մըն է, եւ իրողութեան ճանաչում»:
Ամերիկացի պատուիրակը հանդիպում ունեցաւ Պէյրութի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Էլիաս եպս. Աուտէի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւնները: Ան նաեւ այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: