Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուէյտայի Մերձակայքին Մէջ Բախումներ

July 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նուրէտտին Պապա յայտնած է, թէ Սուէյտա նահանգին մէջ մինչեւ հիմա ապահովական ուժերու շարժում կամ տեղակայում չկայ, իսկ նախարարութեան ուժերը «բնական պատրաստ վիճակի մէջ են»: Նախքան այդ, ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Ապահովական ուժերը կը պատրաստուին վերատեղակայուելու Սուէյտա քաղաքին մէջ` տիւրզիներու եւ պետեւիներու միջեւ բախումները դադրեցնելու համար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ անկայունութեան կացութեան շարունակութեան լոյսին տակ, Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ (սուրիական) ներքին ապահովութեան ուժերու յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին Սուէյտայի նահանգ սահմանափակ մուտք գործելուն»:

«Արապիա»-ի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ սուրիական պետեւիական ուժերը մուտք գործած են Սուէյտա քաղաք: Աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ պետեւիներուն եւ տիւրզիներուն միջեւ բախումները Սուէյտայի մերձակայքին մէջ են: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռին համաձայն, պետեւիներու ուժերը գրաւած են Ուլաղա գիւղը եւ կը մօտենան Սուէյտա քաղաքի մերձակայքին: «Սքայ Նիուզ Արապիա» եւս հաղորդեց, որ բախումները Սուէյտա քաղաքի մերձակայքին մէջ տեղի կ՛ունենան:

Նախքան այդ, գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պետեւիներու ուժեր, որոնց թիւը աւելի քան 50 հազարի հասած է, հինգշաբթի օր հաւաքուած էին, եւ կը սպասուէր, որ ուրբաթ առտու Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն հասնէին շրջան:

Նախորդը

ՄԱԿ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն Շուրջ Շտապ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Իր Ներքին Հարցերու Իսրայէլեան Միջամտութիւններու Շարունակումէն

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.