Պելճիքայի դաշնակցային պալատին ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու պալատը 18 յուլիսին միաձայնութեամբ որդեգրած է «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւը:
Այս բանաձեւը սկիզբէն դրական կարծիք ստացած էր Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէն` 2 յուլիսին տեղի ունեցած միաձայն քուէարկութեան բերմամբ:
Բանաձեւը ներկայացուած է պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշել Տը Մաքտի կողմէ: Անիկա հիմնուած է նախորդ խորհրդարանական դիրքորոշումներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած նմանատիպ փաստաթուղթերու վրայ:
Որդեգրուած բանաձեւը յստակօրէն կը դատապարտէ Արցախի հայութեան վրայ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, ինչպէս նաեւ ատոր նախորդած Լաչինի միջանցքի շրջափակումը` ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները կը հանդիսանան միջազգային օրէնքի լուրջ խախտումներ:
Անիկա նաեւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը Հայաստանի դէմ եւ կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
Բանաձեւը Պելճիքայի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ`
– Աջակցելու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութեան, ներառեալ Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարան դիմելու միջոցով:
-Խորացնել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը:
– Պահանջել 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք կալանաւորուած բոլոր հայ պատերազմական գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, ապահովել անոնց հիմնարար իրաւունքները եւ արդարադատութեան հասանելիութիւնը:
– Եւրոպական Միութեան մակարդակով պաշտպանել նպատակային պատժամիջոցներու կիրարկումը այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են զինադադարի խախտումներու, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնացող գործողութիւններու համար:
Բանաձեւը, Ազրպէյճանէն հաշուետուողականութիւն պահանջելով, վերջինիս նաեւ կը յորդորէ.
– Հետեւելու միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումներուն:
– Երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ ապահով, անխոչընդոտ վերադարձը` միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներու տակ:
– Դադրեցնելու սադրիչ հռետորաբանութիւնն ու ձեռնպահ մնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններէն:
– Ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հետ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ` անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները երաշխաւորելու նպատակով:
– Թոյլատրելու անկախ բժիշկներու խումբի այցելութիւն` կալանաւորուած հայերը զննելու համար:
– Պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը եւ թոյլատրելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան մուտքը տարածք` յուշարձաններու գնահատման նպատակով:
– Դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի տարածքէն:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունած է բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը` նշելով. «Այս բանաձեւը յստակ եւ վճռական դիրքորոշում է Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ` ուժեղացնելով միջազգային կոչերը` յանուն խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման անկայուն Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` իրենց հայրենիք անվտանգ վերադարձի իրաւունքը անժխտելի է, եւ այս միաձայն քուէարկութիւնը կ՛ընդգծէ այդ իրաւունքի անբեկանելիութիւնը: Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողական հռետորաբանութիւնը պէտք է դադրեցուի:
«Շնորհակալութիւն մեր պելճիքացի բարեկամներուն` մարդու իրաւունքներու, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը բարձրացնելու համար: Ոչ մէկ կազի պաշար կամ հարստութիւն կրնայ սրբել մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները կամ լռեցնել անոնք, որոնք կը պայքարին ճշմարտութեան համար»:
Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ բանավէճի ընթացքին բազմաթիւ պատգամաւորներ խրախուսած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ շարունակուող բանակցութիւնները, սակայն շեշտած են, որ խաղաղութիւնը եւ հաշտեցումը պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային օրէնքին վրայ եւ ըլլան արդար:
Էլս Վան Հուֆ ազդեցիկ խօսք արտասանած է` յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի նախայարձակումը աւելի քան հարիւր հազար հայերու ստիպեց տեղահանուիլ սեփական հայրենիքէն, ինչպէս նաեւ աւերուեցան գիւղերը եւ եկեղեցիները` յանցաւոր գործողութիւններ, որոնք արժանի են միջազգային դատապարտման եւ պատասխանատուութեան:
Նմանապէս, Միշել Տը Մաքտ վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Արցախի հայերուն եւ դատապարտած անոնց նկատմամբ իրականացուած «ամբողջական ցեղային զտումը»: Ան նաեւ քննադատած է Հայաստանի հանդէպ Ազրպէյճանի անհասկնալի նախապայմանները եւ կարեւոր նկատած Ազրպէյճանին ճնշելու անհրաժեշտութիւնը` հրաժարելու իր յարձակողական հռետորաբանութենէն:
ՀՅԴ ԲԻՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
18 յուլիս 2025