Կազայի մէջ անմեղ քաղաքացիներուն դէմ շարունակուող բռնութիւններուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբը խիստ կերպով կը դատապարտէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող վայրագութիւններն ու լուրջ խախտումները:
Քաղաքացիներու` մանուկներու, կիներու եւ տարեցներու թիրախաւորումը, տուներու, հիւանդանոցներու եւ հիմնական ենթակառուցուածքներու կործանումը ոչ միայն միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտումներ են, այլեւ կազմակերպուած յանցագործութիւն, որ կը կատարուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբը միաժամանակ կը դատապարտէ շուրջ երկու միլիոն մարդոց դէմ կիրարկուող պաշարման եւ սովամահութեան քաղաքականութիւնը, որ կը զրկէ զիրենք արժանապատիւ կեանքի իրաւունքէն: Այս խմբային պատիժը, որ կ՛արգիլէ սնունդ, դեղորայք, ջուր եւ հոսանք, եւ կը փակէ փրկութեան ճամբաները հիւանդներուն եւ մանուկներուն, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն մըն է, որուն համար օրէնքը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն: Այս ընթացքը ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ:
Միջազգային համայնքի անհասկնալի լռութիւնը այս աղէտին նկատմամբ կը յարուցէ կասկածներ եւ կը յիշեցնէ անուղղակի մեղսակցութիւն:
Երբ ջարդեր եւ դանդաղ մահուան քաղաքականութիւն կիրարկուի, լռութիւնը արդէն ինքնին կը դառնայ անարդարութեան մեղսակից:
Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային համայնքին` իր բոլոր կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով, անյապաղ ու վճռական քայլեր ձեռնարկելու` յարձակումները կասեցնելու, պաշարումը վերցնելու, քաղաքացիական բնակչութեան համար անմիջական պաշտպանութիւն ապահովելու, եւ պատասխանատուները յանձնելու միջազգային արդարադատութեան:
Պէտք է, որ լսուի Կազայի մէջ ապրող մարդուն ձայնը: Պէտք է կասեցուի սպանութեան մեքենան: Պէտք է, որ պաղեստինցին վերագտնէ իր արժանապատիւ եւ ապահով կեանքի իրաւունքը:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պէյրութ, 29 յուլիս 2025