Աբրահամեան համաձայնագիրի ընդլայնման վերաբերեալ դիւանագիտական քննարկումներու լոյսին տակ քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին յայտնած է, թէ Ազրպէյճան կրնայ համաձայնագիրին միանալ` հաշուի առնելով Իսրայէլի հետ անոր լայնածաւալ համագործակցութեան:
Աղբիւրին համաձայն, ատոր հասնելու ճամբան, այլ բաներու շարքին, կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ մերձեցման տարազին մէջէն:
Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ հանրապետական ծերակուտական Սթիւ Տէյնս խօսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին եւ Ազրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական եւ ուժանիւթային կապերու մասին:
Քննարկման ընթացքին Տէյնս յիշատակած է Ազրպէյճանի պետական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան եւ Իսրայէլի միջեւ կազի գործարքը` նշելով, որ անիկա պիտի բարձրացնէ ուժանիւթային անվտանգութիւնը: Ան աւելցուցած է, թէ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիքի հետ եւ տպաւորուած է Պաքուի եւ Թել Աւիւի միջեւ համագործակցութեան պատմական խորութեամբ:
Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տանիէլ Շափիրօ նոյն լսումներուն ժամանակ բացատրած է, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան ունի Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միանալու ներուժ:
«Երբեմն մարդիկ կը հարցնեն. ինչպէ՞ս կարելի է ընդլայնել Աբրահամեան համաձայնագիրները: Թերեւս Ազրպէյճա՞նը: Ազրպէյճան երկար տարիներ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ յառաջատար իսլամական երկիրներէն մէկն է, որ այդ կապերը ունեցած է տակաւին Աբրահամեան համաձայնագիրներու կնքումէն շատ առաջ: Անոնց միանալու ռազմավարական կարեւորութիւնը իսկապէս անհերքելի է», ըսած է Շափիրօ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը նաեւ կը պնդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ մերձեցում կը նկատուի:
Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքի տեսանիւթը, որուն մէջ Ալիեւ կը գովաբանէ իր ամերիկացի պաշտօնակիցը այն փաստին համար, որ Թրամփը Միացեալ Նահանգներու միակ նախագահն է, որ պատերազմներ չէ սկսած:
Կը նշուի, որ Թրամփ առաջին անգամ իր ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է օտարերկրեայ նախագահի խօսքը: Ասիկա անսովոր քայլ է, որ կը վկայէ երկու ղեկավարներուն միջեւ յատուկ կապի մասին:
Քուլիսներու ետին, Ուաշինկթընի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները որոշ ժամանակէ ի վեր կը ջերմանան: 2025 թուականի առաջին կիսուն երկիրներու միջեւ առեւտուրը կազմած է գրեթէ 600 միլիոն տոլար, ինչ որ 36 առ հարիւրով աւելի է նախորդ տարուան համեմատ:
Կը նշուի, որ քանի որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը վերագնահատէ իր ազդեցութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, Ազրպէյճան կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը եւ կը շարունակէ ինքզինք դիրքաւորել ոչ միայն իբրեւ Իսրայէլի գործընկեր, այլ նաեւ իբրեւ նոր աշխարհաքաղաքական ասպարէզի մէջ դերակատար: