Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Ալճերիա, ուր երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ փոխհասկացողութեան արձանագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր տեղեկատուութեան մարզին եւ քաղաքական երկխօսութեան գործիքակազմի վերականգնման, որ 2002 թուականին հիմնուելէն ի վեր միայն մէկ անգամ ժողով գումարած է, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերականգնման:
Նախագահ Աուն Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թիպունի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանը երբեք չի մոռնար Ալճերիոյ իրեն աջակցող կեցուածքները, որովհետեւ անիկա երբեք չէ բացակայած Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու եւ ներքին ու արտաքին պատերազմներուն վերջ տալու արաբական բարերար ջանքերէն, եւ միշտ իրեն օգնած է եւ կը շարունակէ օգնել Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ու միջազգային հարթակներու վրայ իր զօրակցական կեցուածքներէն հասնելով մինչեւ իւրաքանչիւր տագնապի ընթացքին ամէն աջակցութեան տրամադրում»:
«Այսօր Ալճերիա կ՛այցելեմ` մեծ յոյս ունենալով երկիրս փրկելու իր դիմակայած վտանգներէն, վերականգնելու անոր պետութիւնը եւ զայն իբրեւ լիարժէք պետութիւնը վերականգնելու, նախ եւ առաջ ամբողջական, առանց պակսեցումի կամ որեւէ մէկու հետ բաժնեկցուած, իր բոլոր հողերուն եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ գերիշխանութեամբ:
«Ասիկա հարց մըն է, որուն անկասկած ամէն անկեղծ արաբ կը զօրակցի եւ անոր իրագործման կ՛աջակցի: Արաբական աջակցութեան առաջին պայմանը այն է, որ արաբական պետութիւնները միասնական կեցուածք որդեգրեն եւ եղբայրանան իրաւունքի, բարիքի եւ խաղաղութեան հարցերու շուրջ», նշեց Աուն:
Ան շեշտեց, որ արաբական աջակցութիւնը անհրաժեշտ է Լիբանանի հզօրութեան համար, մինչ ան կ՛ամրապնդէ իր միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:
Ալճերիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը Լիբանանի համար ոչինչ խնայած է եւ անոր կ՛օգնէ վերանորոգուող ուժանիւթերու մարզին, արեւի ուժով ելեկտրակայաններու շինութեան եւ այլ ծրագիրներու մէջ: Գոյութիւն ունին համաձայնութիւններ, որոնք շատ շուտով պիտի ստորագրուին եւ կը ներառեն ելեւմտական, տնտեսական եւ մշակութային գործակցութիւն:
Ան խօսեցաւ նուէրի մը մասին, որ ալճերիացիներուն կողմէ սկզբունքային օգնութիւն մըն է իրենց լիբանանցի եղբայրներուն:
Ալճերիոյ նախագահը յայտարարեց, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան իրենց բնականոն հունին:
Ան շեշտեց, որ ալճերիական օդանաւային ընկերութեան ցուցմունք տուած է յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութ իր թռիչքները վերականգնելու:
Թիպուն նշեց, թէ պիտի քննարկուի Ալճերիոյ եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստին միջեւ ծովային գիծ բանալու կարելիութիւնը` ամրապնդելու համար ճարտարարուեստական եւ առեւտրական շրջանառութիւնը, մասնաւորաբար վերաշինութեան փուլին:
Երկու նախագահներուն միջեւ շուրջ 1,5 ժամ տեւած առանձնազրոյցէն ետք գումարուեցաւ երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ ընդլայնուած ժողով մը:
Նախագահ Աունի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս եւ խորհրդականներ` նախկին նախարար Ալի Համիէ, հանգստեան կոչուած զօրավար Անտրէ Ռահհալ, Ժան Ազիզ, Նաժաթ Շարաֆէտտին, Ռաուհա Հարաթի, Ռաֆիք Շլելա եւ Ալճերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանը:
Ալճերիոյ նախագահը նախագահ Աունը պարգեւատրեց Ազգային արժանեաց «Ասիր» աստիճանի շքանշանով, որ Ալճերիոյ կողմէ պետութիւններու նախագահներուն տրամադրուող բարձրագոյն շքանշանն է: