Հարաւային Կովկասի զարգացումները ունին երկու հիմնական առանցք. առաջինը` խաղաղութիւնը եւ Ազրպէյճան-Հայաստան տարակարծութիւններու խաղաղ կարգաւորումն է, իսկ երկրորդը կը վերաբերի տարանցիկ եւ փոխադրամիջոցային ուղիներուն: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայի:
Անոր համաձայն, Իրան անընդհատ ընդգծած է խաղաղութեան համաձայնագիրի արագ ստորագրման անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք Ազրպէյճանն ու Հայաստանը յորդորած ենք դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր շարժիլ: Մենք կողմնակից ենք փոխադրամիջոցային ուղիներու ընդլայնման, սակայն անիկա պէտք չէ հակասէ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան: Այս հարցին մէջ Իրանի դիրքորոշումը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Իրան միշտ աջակցած է հաղորդակցման ուղիներու ստեղծման եւ ընդլայնման` ատիկա նկատելով արդիւնաւէտ քայլ` երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ շրջանային առեւտրական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ:
«Վերջին օրերուն քննարկուած է Կովկասի մէջ արտաշրջանային դերակատարներու ներգրաւման հարցը, որուն հետ Իրան համակարծիք չէ: Իրան ատիկա կը նկատէ շրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման շահերուն հակասող: Այն լուրերը, որոնք կը վերաբերին որոշ արտաշրջանային ուժերու մասնակցութեան Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն, արդէն իսկ հերքուած են համապատասխան կողմերու կողմէ: Իրան ուշադիր կը հետեւի այս հոլովոյթներուն եւ սերտ կապի մէջ է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի Հետ», նշած է Պաղայի:


